ՎԱՐԿԱԾՆԵՐԸ ՍԵՂԱՆԻ ՎՐԱՅ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր շատ կարեւոր այցելութիւն մը կու տայ Իրան։ Թեհրանի մէջ ան ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի ղեկավարութեան կողմէ։ Օրուան տեւողութեան նախատեսուած են իր հանդիպումները Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ կրօնապետ Այէթուլլահ Խամանէյի հետ։ Էրտողանի այսօրուան այցը կը յաջորդէ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքարի կողմէ վերջին օրերուն Թեհրանի մէջ կատարուած շփումներուն։ Արդարեւ, Իսլամական յեղափոխութենէն վերջ առաջին անգամ Թուրքիայէն ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ մը այցելեց Իրան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ի շարունակութիւն, այսօր տեղի կ՚ունենայ Էրտողանի այցը։ Թուրքիա եւ Իրան տարածքաշրջանային իրադրութիւնը կ՚արժեւորեն ամենաբարձր մակարդակի վրայ՝ վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ։ Կողմերը սեղանի վրայ դրած են բոլոր վարկածները։ Զօրավար Աքարի առընթեր, Թեհրանի շփումներուն ընթացքին Էրտողանին կ՚ընկերանան ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան եւ բազմաթիւ նախարարներ։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, բանակցութիւններու օրակարգը յագեցած է։ Իրաքի, Սուրիոյ եւ Քաթարի վերաբերեալ իրադարձութիւնները կը շօշափուին առաջնահերթօրէն։ Վերջին շրջանին թէ՛ Անգարա եւ թէ Թեհրան բուռն ձեւով հակազդեցին Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան կողմէ կազմակերպուած անկախութեան հանրաքուէին դէմ։ Ընդհանուր առմամբ, միջազգային հաւաքականութիւնն ալ ունի այն մօտեցումը, թէ այդ հանրաքուէն կրնայ ապակայունացնել Իրաքի կացութիւնը ու կրնայ խանգարել «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարը։

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան Թեհրան մեկնելէ առաջ յայտնեց, որ Հիւսիսային Իրաքի հանրաքուէն նախաձեռնութիւն մըն է՝ տարածքաշրջանի սիրտը դաշիւնահարելու համար։ Իր կարգին, Հասան Ռուհանին ալ Հուլուսի Աքարը ընդունելու ժամանակ յայտնեց, որ Իրան եւ Թուրքիա միշտ պէտք է զօրակից ըլլան իրարու եւ այսպէսով կրնան կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ տարածքաշրջանային խնդիրներու կարգաւորման ուղղութեամբ։

Էրտողան եւ Ռուհանի այսօր հաւանաբար վերջնական տեսքի մը կը բերեն իրենց մօտեցումները՝ Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավարութեան դէմ գործադրուելիք պատժամիջոցներու հարցին շուրջ։ Անգարայի, Թեհրանի եւ Պաղտատի կեդրոնական իշխանութիւնները այս շրջանին կեդրոնացած են շարք մը ծրագրերու վրայ, որոնք պիտի գործադրուին փուլ առ փուլ եւ որոնց մանրամասնութիւններն ալ պիտի յստակենան աստիճանաբար։ Այդ ծրագրին մէջ չեն բացառուած նաեւ զին-ւորական այլընտրանքները։ Հաւանական է, որ սահմանի վրայ Անգարայի եւ Պաղտատի կողմէ յառաջ տարուած ռազմափորձերուն միանայ նաեւ Թեհրան։ Քաղաքական մեկնաբանները կը կանխատեսեն, որ Էրտողան եւ Ռուհանի այսօր անպայման կը շեշտադրեն Իրաքի եւ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան կարեւորութիւնը։

Թեհրանի բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան նաեւ Սուրիոյ վերաբերեալ կարեւոր խնդիրներ։ Ծանօթ է, որ Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Իրան համաձայնած են՝ որպէսզի Սուրիայէ ներս ստեղծուին բախումներէ զերծ գօտիներ։ Այս երեք երկիրները սոյն ծրագրի պարագային եղած են նաեւ երաշխաւոր։ Ուստի, Էրտողան եւ Ռուհանի Սուրիայէ համապատասխան շրջաններուն առընչութեամբ ալ պիտի ունենան կարծիքի փոխանակումներ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2017