ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿՈՒ ՏԱՅ ՍԵՐՊԻԱ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ երեկոյեան պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Պելկրատ։ Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչի հրաւէրով տեղի կ՚ունենայ այս այցելութիւնը, որու ընթացքին նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ է նաեւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Պելկրատի «Նիքոլա Թեսլա» օդակայանին մէջ Արմէն Սարգսեան երէկ երեկոյեան դիմաւորուեցաւ Սերպիոյ վարչապետ Անա Պռնապիչի կողմէ։
Պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Արմէն Սարգսեան հանդիպումներ կ՚ունենայ Ալեքսանտր Վուչիչի, Անա Պռնապիչի, Սերպիոյ Ազգային ժողովի նախագահ Մայա Կոյքովիչի, Սերպիոյ Պատրիարք Իրինէի հետ։ Հանդիպումներու ժամանակ անդրադարձ կը կատարուի երկու երկիրներու համագործակցութեան օրակարգին, տնտեսական համագործակցութեան զարգացման հնարաւորութիւններուն եւ հեռանկարներուն։ Արմէն Սարգսեանի պաշտօնական ուղեւորութեան ծրագիրը կը ներառէ նաեւ այցելութիւններ՝ Սերպիոյ գիտական, փորձագիտական եւ կրթական հաստատութիւններ։ Նախատեսուած է նաեւ հանդիպում մը Սերպիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։
Պելկրատի մէջ Արմէն Սարգսեան կ՚այցելէ 1988 թուականի Հայաստանի աղէտալի երկրաշարժի օրերուն Սերպիայէն օգնութիւն փութացուցած ինքնաթիռի սերպ օդաչուներու յիշատակը յաւերժացնող հայկական խաչքարը, ուր յարգանքի տուրք կը մատուցանէ անոնց յիշատակին, ինչպէս նաեւ ծաղկեպսակ մը կը դնէ Անծանօթ զինուորի յուշարձանին։ Հարկ է յիշեցնել, որ 1988 թուականին Սերպիայէն Հայաստան օգնութիւն փոխադրելու ժամանակ անկում ունեցած էր այդ օդանաւը, ինչ որ շատ ցաւալի հետեւանքներ ստացած էր։