ՋԵՐՄ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ մասնակցեցաւ ոգեւոր երեկոյթի մը։ Պատրիարքական ընտրութեան սեմին կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին նորին սրբազնութիւնը հնարաւորութիւն ունեցաւ մեր համայնքի անդամներուն հետ ուղղակի երկխօսութիւն հաստատելու։ Ոգեւոր երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին ջերմ զօրակցութեան մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ դրական պատգամներ տուաւ մեր համայնքին։ Ուշագրաւ էր, որ այս ձեռնարկին մասնակցեցաւ նաեւ տիրամայր Մարի Մութաֆեան։ Երեկոյթի ընթացքին նորին սրբազնութեան հետ տեղի ունեցած զրոյցը վարեց Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Պիւյիւքսիմքէշեան։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ձեռնարկի ժամանակ անդրադարձաւ զանազան նիւթերու, որոնք մեր համայնքի օրակարգին վրայ ունին կարեւոր նշանակութիւն։ Ներկաներու հետ բաց եւ անկեղծ զրոյցի մը ձեւաչափին մէջ ան պատասխանեց բոլորի հարցումներուն եւ տուաւ մանրամասն, սպառիչ պատասխաններ։ Այս ծիրին մէջ նորին սրբազնութիւնը անդրադարձաւ համայնքային հաստատութիւններու առկախուած ընտրութիւններուն, խորհրդակատարութիւններուն համար մեր ժողովուրդին վիճակած նիւթական բեռի թեթեւացման, մեր երիտասարդութեան ընդհանուր խնդիրներուն եւ անոնց համար կրթաթոշակներու յատկացման, Սանասարեան խանի դատին, խառն ամուսնութիւններուն, մեր համայնքի բնակչութեան նուազման, ընկերային ցանցերու վրայ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ ստեղծուած պատկերին, ինչպէս նաեւ խառն ամուսնութիւններով, անգործութեամբ եւ համայնքային կեանքի նկատմամբ անտարբերութեան ազդեցութիւնով ստեղծուած մտահոգիչ հեռանկարներուն։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հաւաքոյթի ընթացքին ընդգծեց, որ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ որեւէ ձեւով չի նախատեսեր ապատեղեկատուութիւններ հրապարակել եւ կամ իր միւս թեկնածու հոգեւոր եղբայրներու հասցէին արտայայտուիլ, զանոնք մրոտել կամ փորձել վարկաբեկել։ Նորին սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ ինք դրական տրամադրութիւններով կը պատրաստուի պատրիարքական ընտրութեան եւ նոյնը կ՚ակնկալէ իր անձին նկատմամբ։

Հարցում-պատասխանի աւարտին, սրահին մէջ սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին եւս Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց ասուլիսի մասնակիցներուն հետ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2019