ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԲԱՆԱԿԸ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿՐԱԿ ԲԱՑԱՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՐՔԵՐՈՒ ՎՐԱՅ

Երէկ ժամը շուրջ 21.30-ին, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը կրակ բացին Հայաստանի սահմանի արեւելեան հատուածէն ներս տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերուն վրայ՝ օգտագործելով ականանետեր եւ խոշոր տրամաչափով հրաձգային սարքաւորումներ։ Հայաստանի բանակի պատասխան գործողութիւններէն վերջ կրակը դադրեցուած է։ Երեւանէն հաղորդուեցաւ, որ հայկական կողմը կորուստ չունի։

ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ

Մինչ այդ, երէկ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Պրիւքսելի մէջ մասնակցեցաւ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու մշտական ներկայացուցիչներու տեղակալներու կոմիտէի ժողովին։ Ատրպէյճանի վերջին յարձակումներու հետեւանքներուն մանրամասնօրէն անդրադառնալով՝ Արմէն Գրիգորեան յայտնեց, թէ միջազգային հանրութիւնը պէտք է շարունակէ Ատրպէյճանէն պահանջել, որպէսզի անյապաղ իր զօրքերը դուրս բերէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն։

Դաշինքի Պրիւքսելի կեդրոնակայանին մէջ Արմէն Գրիգորեան երէկ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ գծով յատուկ ներկայացուցիչ Խավիէր Քոլոմինայի հետ։ Այս վերջինը յայտնեց, որ դաշինքը կ՚աջակցի Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման։

Մինչ այդ, ամերիկեան մամուլին մէջ ալ այս օրերուն, լոյս կը տեսնեն Արմէն Գրիգորեանի յայտարարութիւնները, քանի բոլորովին վերջերս ան այցելած էր Ուաշինկթըն։ Այս առթիւ ան յայտնած է, որ վերջին դէպքերուն ժամանակ Հայաստան շատ աւելի մեծ աջակցութիւն ստացած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն՝ բաղդատմամբ Ռուսաստանի, որ Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցն է։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2022