ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը պատրաստուի ներկայացնել հայեցակարգ մը երկրի տնտեսական դիւանագիտութեան մասին։ Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ռոպէրթ Յարութիւնեան համոզուած է, որ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Հայաստանի ծանօթացումը այլ երկիրներուն՝ որպէս ներդրումներ կատարելու հարթակ։
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Տնտեսական դիւանագիտութիւն» խորագրեալ սեմինար մը, որու աշխատանքը կատարուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան երդիքին տակ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հաւաքոյթի մասնակիցներու շարքին էր Համաշխարհային դրամատան մասնագէտներէն Իվան Անթոն Նիմաք։ Այս վերջինը ընդգծեց տարածքաշրջանէ ներս Հայաստանի մրցակցային առաւելութիւնը։ Համաշխարհային դրամատան խումբի անդամ Միջազգային ելմտական քորփորասիոնի աջակցութեամբ կազմակերպուեցաւ վերոյիշեալ սեմինարը։ Նիմաք այս առթիւ ըսաւ.
«Հայաստան կը փորձէ զանազան ձեւերով ներգրաւել աւելի շատ օտար ներդրումներ եւ մենք կը փափաքինք այս ուղղութեամբ աջակցիլ։ Կան քանի մը գործօններ, որոնց միջոցաւ կառավարութեան, նախարարութեան հետ կը փորձենք լուծել այդ հարցը՝ թեքնիկ օգնութիւն, ներդրումային միջավայրի բարելաւում, որոնք միտուած են գործարար դաշտի ամրապնդման»։