ՅՍՏԱԿ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի փոխ-տեղակալ Էրիքա Օլսոնը, որ պատասխանատու է Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերու գծով եւ վերջին օրերուն այցելեց Երեւան։ Էրիքա Օլսոն մասնակցեցաւ Երեւանի մէջ կազմակերպուած՝ ԱՄՆ-ի տարածաշրջանի դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներու հաւաքին։ Ան վերջերս ստանձնած է իր պաշտօնը եւ առաքելութեան կոչուելէ վերջ սա իր առաջին ուղեւորութիւններէն մին եղած է։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին վարչապետը ողջունեց ամերիկեան պատուիրակութեան այցելութիւնը։ Ան նշեց, որ իր գլխաւորած կառավարութիւնը կը կարեւորէ ու բարձր կը գնահատէ Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ հաստատուած բարեկամական յարաբերութիւնները։ Իր խօսքով՝ 2019 թուականէն ի վեր ընթացքի մէջ է հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութիւնը, որ միտուած է յարաբերութիւններու ապագայ զարգացման ու յառաջմղման։ Փաշինեան ընդգծեց ԱՄՆ-ի կառավարութեան դերը՝ Հայաստանէ ներս ժողովրդավարական բարեփոխումները յառաջ տանելու ուղղութեամբ։ Ան բարձր գնահատեց նաեւ անցեալ յունիսին Ատրպէյճանէն 15 հայ ռազմագերիի վերադարձի ժամանակ ԱՄՆ-ի ստանձնած դերակատարութիւնը։ Փաշինեան գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ ամերիկեան կողմը կը շարունակէ ջանքեր գործադրել այս ուղղութեամբ։
Հանդիպման տեւողութեան զրուցակիցները քննարկեցին Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի այժմու գործընթացները, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումը, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ջանքերը, Ատրպէյճանի հայ գերիներու, պատանդներու ու այնտեղ պահուած այլ անձերու վերադարձի ապահովումը, Հայաստանէ ներս ժողովրդավարական բարեփոխումներու վերաբերեալ շարք մը հարցեր։
Նիկոլ Փաշինեան կարեւորեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան գործունէութիւնը, վերջերս Նիւ Եորքի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման կազմակերպումը եւ համանախագահներու նախատեսուած տարածաշրջանային այցելութիւնը։ Փաշինեան ընդգծեց գերիներու վերադարձի անհրաժեշտութիւնը եւ շեշտեց, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ խախտել հրադադարի յայտարարութեան համապատասխան կէտը։ Ան անդրադարձաւ նաեւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման իրականացման հնարաւորութիւններուն՝ ներկայացնելով Երեւանի յստակ դիրքորոշումները։ Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ ժողովրդավարական կառոյցներու զարգացման ուղղեալ կառավարութեան ծրագրերուն եւ քայլերուն շուրջ։ Ան շեշտեց, որ երկիրը պիտի շարունակէ հետեւողական ու հաստատակամ ձեւով ընթանալ ժողովրդավարութեան զարգացման ու ամրապնդման ուղղութեամբ։
Իր կարգին, Էրիքա Օլսոն նշեց Ուաշինկթընի պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու տարածաշրջանէ ներս մարդասիրական հարցերու լուծման, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի համապարփակ կարգաւորման։ Միեւնոյն ժամանակ ան ընդգծեց, որ ամերիկեան կողմը շահագրգռուած է ժողովրդավարական բարեփոխումներու պարագային Հայաստանի կառավարութեան շարունակական օժանդակութիւն ցուցաբերելով։