ՔԱՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԳԱԳԱԹ

Երէկ, Լոնտոնի մէջ սկսաւ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը, որ իր աւարտին կը հասնի այսօր։ Դաշինքի հիմնադրութեան 70-ամեակին ձօնուած է այս գագաթաժողովը, որ ունի յոբելենական բնոյթ։ Հաւաքին մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան։

 ՆԱԹՕ-ի ժողովին զուգահեռ երէկ Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ քառակողմանի շատ կարեւոր գագաթաժողով մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, Անգլիոյ վարչապետ Պորիս Ճանսըն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ մասնակցութիւն բերին այս գագաթաժողովին։ Շուրջ 50 վայրկեան տեւեց այս տեսակցութիւնը, որու բոլոր մասնակիցները դրական տպաւորութիւններ արտայայտեցին արձակման ժամանակ։

Լոնտոնի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ ղեկավարները անդրադարձած են գաղթականներու Սուրիա վերադարձին համար անհրաժեշտ պայմաններու ստեղծման։ Անոնք համոզուած են նաեւ, թէ պայքարը պէտք է շարունակուի ահաբեկչութեան բոլոր տեսակներուն դէմ։

Միւս կողմէ, կը հաղորդուի, որ Էրտողան այսօր Լոնտոնի մէջ կը տեսակցի Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ։ Անգարայի եւ Աթէնքի միջեւ այս շրջանին լուրջ լարուածութիւն մը յառաջացած է Միջերկրականի արեւելքի իրադարձութիւններուն բերումով։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2019