«ԿԻՆ» 17-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՐԹԱԿՈՎ

«Կին» միջազգային շարժանկարի փառատօնը, որ նպատակ ունի վերաիմաստաւորել կնոջ տեղն ու դերը հասարակութեան մէջ, շարժանկարի միջոցով լուսաբանել անոր խնդիրները, այս տարի տեղի կ՚ունենայ առցանց հարթակի մէջ: Շարժապատկերի երկրպագուները ժապաւէնները կրնան դիտել դեկտեմբերի 9-13 թուականներու միջեւ։

«Արմէնփրէս»ի թղթակցին՝ Անժելա Համբարձումեանի հետ զրոյցի ընթացքին փառատօնի տնօրէն Մարիամ Օհանեան յայտնեց, որ 17-րդ շարժանկարի փառատօնը կը կրէ «Արցախ, մենք քեզի հետ ենք» խորագիրը: Ան կ՚ընդգրկէ 51 շարժանկար 26 երկրէ:

«Փառատօնի մրցութային ծրագրին կը մասնակցին վերջին երկու տարուայ ընթացքին նկարահանուած կարճաժամկէտ խաղարկային, վաւերագրական եւ անիմասիոն ժապաւէններ: Հիւրերու ծրագրին ներառուած են երկարաժամկէտ եւ կարճաժամկէտ շարժապատկերներ, որոնք արժանացած են մրցանակներու: Ծրագրի շրջանակներէն ներս կը նախատեսուի առաջին ցուցադրութիւնը «Մոռացուած անուններ» շարժանկարի ալմանակի, որ ստեղծուած է «Կէօթէ կեդրոն Երեւան»ի կազմակերպուած «Հայ կինը եւ 20-րդ դարը՝ մոռացուած անուններ» բեմագրութեան զարգացման դասընթացի արդիւնքին: Ծանօթացուած են չորս հեղինակաւոր կիներ ու այն կը պատմէ քանդակագործ Այծեմնիկ Ուրարտուի, նկարչուհի Վերա Վարդ Պատրիկեանի, պարուհի Արմէն Օհանեանի եւ ճարտարապետ Ցողիկ Արաբեանի մասին», ծրագրի մանրամասները ներկայացուց Օհանեան:

Անոր խօսքով՝ շարժանկարի փառատօնը կը ձգտի Հայաստանի մէջ նպաստել շարժանկարի արուեստի զարգացման, օգնել կանանց, որպէսզի անոնք ժապաւէններ նկարահանեն: Երբ առաջին փառատօնը կազմակերպած են, ստիպուած են ցուցադրել մի քանի կին բեմադրիչի ժապաւէններ, որոնք նկարահանուած են անցեալ տասն տարուայ ընթացքին: «Յետոյ շատ բան փոխուեցաւ եւ կին բեմադիրները բազմացան: Այս գործին մէջ դերակատարութիւն ունի նաեւ Թատրոնի եւ շարժանկարի պետական կաճառը: Կին բեմադիրներ շատեր հասած են որոշ յաջողութիւններու: Անոնք կը ձգտին աշխատիլ: Բարդ է, քանի որ ոլորտը լաւ վիճակի մէջ չէ, եւ ստեղծագործողներու հնարաւորութիւնները սահմանափակ են, բայց անոնք կ՚արարեն, նոյնիսկ միջազգային շարժանկարի փառատօներու մէջ մրցանակներու կ՚արժանանան», շեշտեց Մարիամ Օհանեան։

17-րդ շարժանկարի փառատօնը յարգանքի տուրք կը մատուցէ Խորհրդային յայտնի բեմադիր Կիրա Մուրատովայի յիշատակին՝ ցուցադրելով հեղինակի աշխատանքները: Շարժանկարի փառատօնի տնօրէնը յայտնեց, որ կը ներկայացնեն նաեւ «ԿրիմԴոկ» վաւերագրական ժապաւէններու փառատօնի շարժանկարներու եւ «ԴանսԿամերաՎեստ» Ամերիկեան պարային շարժանկարներու ծրագրերը, որոնց շրջանակէն ներս կը ներկայացնեն հետաքրքրական շարժանկարներ զանազան երկիրներէ, իսկ «Արցախ, մենք քեզի հետ ենք» ծրագրին մէջ ներառուած է Մարիամ Օհանեանի չորս ժապաւէն:  «Այս ծրագրին մէջ կը ցուցադրուին իմ շարժանկարները, որոնք նկարահանած եմ տարիներ շարունակ:  «Մենք մեր հողի գոյնն ենք» ժապաւէնը կին ազատամարտիկներու մասին է, որոնք  կռուած են Արցախի առաջին պատերազմի ժամանակ, «Ես կը լուսանկարեմ Շուշին» կարճաժամկէտ վաւերագրական ժապաւէնը կը պատմէ բերդաքաղաքի մասին, «Յղի կնոջ օրագիրը» նուիրուած է 90-ական թուականներուն, երբ այդ ծանր պայմաններու տակ կինը պէտք է երեխայ լոյս աշխարհ բերէր: Դժուար ժամանակներ էին. բանակը նոր կը ստեղծուէր, մարդիկ կը պայքարէին բոլոր բնագաւառներու մէջ: «Հայաստանը անտեսանելի երկիր է» ժապաւէնը Բրիտանիոյ թանգարանին մէջ սխալ տեղեկութիւններու մասին է, որոնք կապուած են Հայաստանի հետ: Թանգարանին մէջ կայ «Հնագոյն Թուրքիա» սրահ, ուր ներկայացուած են հայկական ցուցանմոյշներ: Հաւանաբար՝ ժապաւէնը կապ չունի Արցախի հետ, բայց… երբ այդ թանգարանին մէջ դիտեցի քարտէսները, հասկցայ, որ Հայաստանը այնտեղ գոյութիւն չունի ու Արցախի երկրորդ պատերազմը ցոյց տուաւ այդ մէկը: Պէտք է աշխատիլ այս ուղղութեամբ  եւ ընել հնարաւորը, որ Հայաստանը տեսանելի երկիր դառնայ», շեշտեց Օհանեան:

Ան ընդգծեց, որ փառատօնի շրջանակներէն ներս դեկտեմբերի 10-ին տեղի կ՚ունենայ յատուկ ցուցադրութիւն Արցախցի երեխաներու համար եւ Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ կը ներկայացուի փառատօնի մասնակից անիմասիոն ժապաւէններու ծրագիրը, իսկ փառատօնի աւարտին լաւագոյն շարժապատկերի համար կը շնորհուի մրցանակ, կ՚ըլլայ յատուկ մրցանակ, վկայագրեր, Ռուսաստանի գիտութեան եւ մշակոյթի կեդրոնի կողմէ մրցանակ, հանդիսատեսի մրցանակ, որ կը տրուի անոնց ձայներու հաշուառման հիման վրայ:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2020