ԱՐԱ ԱՅՎԱԶԵԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԿԸ ՇԵՇՏԱԴՐԷ ԱՐՑԱԽԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԻ ՀԱՐՑԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած օտար պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներուն հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ այն իրավիճակը, որ ստեղծուած է Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեամբ։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ երկուշաբթի՝ դեկտեմբերի 7-ին Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է Արա Այվազեանի հանդիպումը Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Այս այցելութեան ընդառաջ ան հարցազրոյց մը տուաւ «Արմէնփրէս» գործակալութեան, որու ընթացքին յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը լուծուած պիտի համարուի, երբ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչցուի միջազգային հանրութեան կողմէ։ Արդարեւ, Արցախի 150 հազար բնակչութեան բոլոր իրաւունքները պէտք է լիարժէքօրէն վերականգնուին եւ իրականացուին անոր պատմական հայրենիքէն ներս։ Ըստ նախարարին, անհիմն են Ատրպէյճանի այն պնդումները, թէ հակամարտութիւնը այլեւս հանգուցալուծուած է։ Այնպիսի տպաւորութիւն մը կը ստեղծուի, որ նոյնիսկ նման յայտարարութիւններով հանդէս եկող Ատրպէյճանի նախագահը տակաւին լիովին չ՚ընկալեր իր իսկ կողմէ ստորագրուած փաստաթուղթի էութիւնը։ Արցախի վերջնական կարգավիճակի հարցը կարգաւորուած չէ ու կը հանդիսանայ ապագայ բանակցութիւններու առարկայ։ Այվազեան դիտել տուաւ, որ այս ուղղութեամբ համակարծիք են նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրները։

Արա Այվազեան երէկ ելոյթ մըն ալ ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հեռավար ժողովին ժամանակ։ Այս առթիւ ան շեշտը դրաւ Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի համաձայնութեամբ պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ գերիներու եւ զոհերու դիակներու փոխանակման հրատապ բնոյթին վրայ։ Առցանց ժողովի ընթացքին Արա Այվազեան շեշտեց նաեւ, որ արցախահայերը չեն կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի իրաւասութեան ներքեւ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2020