ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՂԱՍԱՀՈՐԴՆԵՐԸ ԿԸ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆ

Հայաստանի գեղասահորդները սկսած են նախապատրաստուիլ Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյենութիւններուն։ Ըստ Հայաստանի գեղասահնորդներու դաշնակութեան՝ երկրիգեղասահքի հաւաքականի անդամները սկսած են նախատրաստուիլ Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյենութիւններուն։ Թինա Կարապետեան-Սիմոն Պրոուքս Սենեկալ պարային զոյգը ներկայիս կը մարզուի Մոնրէալի մէջ, Գանատա։ Կանանց մենասահքին մէջ Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը՝ Անասթասիա Գալուստեան մարզումները կ՚իրականացնէ Ռուսաստանի մայրաքաղաքը՝ Մոսկուայի մէջ, ուր կ՚ապրի ան։ Իսկ Սլաւիկ Հայրապետեան նախապատրաստական շրջանը կ՚անցընէ Երեւանի մէջ։ 

Գեղասահքի Եւրոպայի ախոյենութիւնը տեղի կ՚ունենայ Զակրեպի մէջ, յառաջիկայ տարուայ յունուարի 25-31 թուականներուն, իսկ մարտի 22-28 թուականներուն Շուէտ կ՚ընդունի աշխարհի ախոյենութիւնը, որ վարկանիշային է 2022 թուականի Ձմեռնային ողիմպիական խաղերու համար։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2020