ՀՐԱԲՈՒԽԻ ԺԱՅԹՔՈՒՄ

6 քիլօմեթրնոց մոխրասիւն բարձրացած է Քամչաթքայի մէջ Քլիւչեւսքի հրաբուխի վրայ։ Այսպէս, Քլիւչեւսքի աշխոյժ հրաբուխը, որ ժայթքած է Քամչաթքայի մէջ, երէկ առաւօտեան ծովի մակերեւոյթի նկատմամբ մինչեւ 6 քիլօմեթր բարձրութեամբ մոխրասիւն արտանետած է: Այս տեղեկութիւնը հաղորդած է Ռուսաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի Հեռաւոր-արեւելեան մարզի Հրաբխագիտութեան եւ օդերեւութաբանական կաճառի Քամչաթքայի հրաբուխներու ժայթքումներու արձագանգման խումբը (KVERT):

Տեսանիւթերու եւ արբանեակային տուեալներու համաձայն, մոխիրի խաւը կը տարածուի հրաբուխէն 13 քիլօմեթր դէպի արեւելք-հիւսիս-արեւելք։ KVERT-ը այս հրաբուխի վտանգաւորութեան նարնջագոյն քոտ սահմանած է օդագնացութեան համար: Քլիւչեւսքի շրջանին մէջ օդանաւերու երթեւեկութեան միջազգային ուղեգիծեր չեն անցնիր: Տեղւոյն բնակավայրերուն մէջ մոխրատեղումներ դեռ չեն արձանագրուած: Քլիւչեւսքին աշխոյժ հրաբուխ մըն է, որ կը գտնուի Քամչաթքայի արեւելքին. ան ունի 4.85 հազար մեթր բարձրութիւն: Լեռը կը գտնուի Փեթրոփաւլովսքի Քամչաթքայէն 360 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ, անոր լանջին կը գտնուի Քլիւչի գիւղակը: Քլիւչեւսքին աշխարհի ամենաաշխոյժ հրաբուխներէն մին է:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2020