ՄԱՀ՝ ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ԵՒ ԿՈՒՍԱԿԱԼ ՆԵՒԶԱՏ ԱՅԱԶԻ

Նախկին կուսակալ եւ նախարար Նեւզատ Այազ երէկ 90 տարեկան հասակին մահացաւ Իսթանպուլի մէջ։ Աւելի քան տասն օրէ ի վեր ան կը դարմանուէր հիւանդանոցի մէջ, սակայն իրեն համար ի սպաս դրուած բժշկական խնամքը դժբախտաբար անբաւարար եղած է փրկելու համար կեանքը։ Ան վաղը պիտի յուղարկաւորուի Իսթանպուլի մէջ։

Նեւզատ Այազ 1930 թուականին ծնած էր Չանքըրըի մէջ։ Անգարայի համալսարանի Իրաւաբանութեան ֆաքիւլթէն աւարտած էր։ Եղած էր Զոնկուլտաքի կուսակալ։ 1979-1988 թուականներուն եղած էր Իսթանպուլի կուսակալ։ Այդ պաշտօնը վարած տարիներուն ջերմ յարաբերութիւններ մշակած էր համայնքային շրջանակներուն հետ։ Իսթանպուլէն վերջ որպէս կուսակալ պաշտօնավարած էր նաեւ Իզմիրի մէջ։

1991 թուականի ընտրութիւններուն երեսփոխան ընտրուած էր ՏԵՓ-էն։ Յաջորդող շրջանին կառավարութեան կազմէն ներս ստանձնած էր ազգային պաշտպանութեան նախարարի եւ ազգային կրթութեան նախարարի պաշտօններ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2020