ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՐՑԱԽՑԻ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐՈՒՆ

Թաւջութակահար Սեւակ Աւանէսեան դրամահաւաքի սկսած է արցախցի ստեղծագործողներուն աջակցելու նպատակով։

Թաւջութակահար Սեւակ Աւանէսեան, որու՝ Շուշիի հրթիռակոծուած Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ «Կռունկ» ստեղծագործութեան կատարումը լայն արձագանգ գտած էր համացանցի վրայ, արցախցի ստեղծագործողներուն աջակցելու համար նախաձեռնած է դրամահաւաք մը (Financial Aid for Artists of Artsakh impacted & displaced by the war):

Երաժիշտը իր հետեւորդներէն խնդրած է օգնել իրեն այս հարցին կապակցութեամբ: «Անձամբ հանդիպած եմ բազմաթիւ արցախցի տեղահանեալներու, որոնք այլեւս տուն չունին, ուր կրնան վերադառնալ: Համագործակցելով Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) եւ մի քանի հրաշալի մարդոց հետ, որոշած ենք հանդէս գալ աջակեցելու նախաձեռնութեամբ այն ստեղծագործողներուն, որոնք տուժած են պատերազմէն», գրած է Աւանէսեան:

Սեւակ Աւանէսեան ընդգծած է, որ նուիրատուութեան գործընթացը բաց է եւ թափանցիկ, իսկ հանրութեան կողմէ եղած ամէն առաջարկ կը խրախուսուի։

Սեւակ Աւանէսեան ծնած է 1989 թուականին Երեւանի մէջ: Ան Մեդեա Աբրահամեանի սաներէն է: Փոքր տարիքին իր ընտանիքի հետ տեղափոխուած է Պելժիա: Արդէն քսան տարեկան հասակին աւարտած է Պրիւքսելի թագաւորական երաժշտանոցը, այնուհետեւ միաժամանակ ուսանած է Պելժիոյ թագուհի Էլիզավետայի անուան քափելլայի եւ Պերլինի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան մէջ: Սեւակ Աւանէսեան շարք մը միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր է: Իր եղբօր՝ Հրաչեայ Աւանէսեանի հետ ստեղծած է երրեակ մը, որ կը կոչուի «Avanesyan Trio»: Երաժիշտները  յաջողութեամբ ելոյթներ կ՚ունենան զանազան երկրներու բեմահարթակներու վրայ:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2020