Կիրակի 26, Յունուար 2025
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎՆ ԱԼ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐՑԱԽԻ ՄԱՍԻՆ ԲԱՆԱՁԵՒ ՄԸ
Ֆրանսայի Ազգային ժողովը երէկ հաւանութիւն տուաւ բանաձեւի մը, որով Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչումը հրատապ անհրաժեշտութիւն կը համարուի։ Ֆրանսայի Ազգային ժողովէն ներս երէկ համապատասխան բովանդակութեամբ նախագիծը հաւանութեան արժանացաւ՝ 188 կողմ եւ 3 դէմ քուէով։ Բանաձեւին մէջ մատնանշուած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական ճանապարհով հաշտութեան գործընթացը ձախողուած է։ Մատնանշուած է նաեւ հակամարտութեան գօտիէն ներս վարձկաններու տեղակայման հարցը եւ այս ուղղութեամբ մեղադրանքներ հասցէագրուած են Թուրքիոյ։
Ֆրանսայի Ծերակոյտն ալ նոյեմբերի 25-ին ընդունած էր Արցախի անկախութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին բանաձեւ մը։ Այդ մէկը, սակայն, ունէր խորհրդատուական բնոյթ։
Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2020