ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՏՀԱՃ ԴԷՊՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ԴԱՏ ԲԱՑՈՒԱԾ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մուտքին միջոց մը առաջ պատահած եւ լայն արձագանգ ու հակազդեցութիւն ստեղծած դէպքին վերաբերեալ արդէն դատ բացուած է։

Ինչպէս ծանօթ է, միջոց մը առաջ, շաբաթավերջի կէսգիշերով, երեք հոգի բարձրացած էին Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ պարիսպներէն եւ մայր դրան վերեւի Ս. Խաչի պատուանդանին վրայ, խաչին շուրջ պար բռնած էին։ Զգայացունց այդ իրադարձութիւնը արդար բողոքի եւ ընդվզումի պատճառ դարձած էր ո՛չ միայն մեր համայնքէն ներս, այլեւ հանրային կարծիքի զանազան շրջանակներուն մօտ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, պատկան իշխանութիւնները արդէն այս դէպքին վերաբերեալ հետաքննութիւնը հասցուցած են աւարտին եւ խնդրոյ առարկայ երեք անձնաւորութիւններուն համար տարուան մը ազատազրկման պահանջով դատ բացուած է։

Իսթանպուլի Ասիական ափի Հանրապետական աւագ դատախազութիւնը պատրաստած է այս դէպքին վերաբերեալ ամբաստանագիր մը։ Դէպքէն վերջ հսկողութեան տակ առնուած երեք հոգիի ցուցմունքներուն հիման վրայ յայտնի դարձած է, որ անոնք կազմակերպուած ձեւով չեն վարուած եւ որեւէ անարգանք չեն կատարած։ Դատախազութիւնը յանգած է այն եզրակացութեան, թէ խնդրոյ առարկայ երեք անձերու կողմէ կատարուած շարժումը՝ ժողովուրդի մէկ մասի դաւանած կրօնական արժէքները կ՚անարգէ եւ հասարակական անդորրութեան տեսակէտէ խանգարող բնոյթ մը ունի։ Այս պայմաններուն ներքեւ անոնց համար պահանջուած է տարի մը ազատազրկում։

Ասիական ափի 27-րդ պատժական ատեանն ալ այս մեղադրականին ընթացք տալով՝ դատ բացած է խընդ-րոյ առարկայ երեք հոգիին դէմ։

Հարկ է յիշեցնել, որ այդ դէպքին անմիջապէս արձագանգած էին բարձրաստիճան պաշտօնատարներ՝ ներառեալ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուն, որոնք անմիջապէս կապի մէջ մտած էին Պատրիարքական Աթոռին եւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին հետ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2021