ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՏՈՒՐՔ

Հայաստանի մէջ այս շաբաթավերջին հրաժեշտ կը տրուի նորոգ հանգուցեալ պետական գործիչ Վանօ Սիրադեղեանին, որ եղած էր «Ղարաբաղ» կոմիտէի անդամ եւ վարած՝ ներքին գործոց նախարարի, Երեւանի քաղաքապետի նման բարձրաստիճան պաշտօններ։ Պետական-քաղաքական գործիչ մը ըլլալու առընթեր, Վանօ Սիրադեղեան յայտնի մտաւորական մըն էր, գրական եւ հրապարակագրական լուրջ գործունէութիւն ծաւալած էր։ 1998 թուականի իշխանափոխութենէն յետոյ, Վանօ Սիրադեղեան գործնականօրէն քաղաքական հետապնդումներու թիրախ դարձած էր եւ պարտաւորուած՝ երկրէն հեռանալ։ Ան այդ ժամանակէն ի վեր կ՚ապրէր թաքուն եւ մինչեւ իր մահը ո՛ւր գտնուած ըլլալը արդէն յայտնի չէր, հակառակ իրեն դէմ յայտարարուած միջազգային հետախուզութեան։ Այս պայմաններուն ներքեւ, Վանօ Սիրադեղեան Հայաստանի մէջ կը յուղարկաւորուի իր մահէն մօտաւորապէս մէկուկէս ամիս վերջ։

Երէկ, Երեւանի Օփերայի համալիրի երդիքին տակ Վանօ Սիրադեղեանի համար տեղի ունեցաւ սգահանդէս մը, որու ընթացքին իրեն նկատմամբ երախտագիտութեան տուրք մատուցուեցաւ։ Հանգուցեալ պետական գործիչին նկատմամբ իրենց վերջին յարգանքը մատուցելու եւ անոր յիշատակին առջեւ իրենց խոնարհումը բերելու փութացին բարձրաստիճան պետական գործիչներ, քաղաքական դէմքեր՝ ներառեալ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որու տնօրինութեամբ Վանօ Սիրադեղեանի թաղման կազմակերպման համար կառավարական պաշտօնական յանձնաժողով մը կազմուած է։ Սգահանդէսի ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան կարգ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններուն կողմէ։

 Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս երէկ տեղի ունեցած այս սգահանդէսէն վերջ, Վանօ Սիրադեղեան այսօր կը յուղարկաւորուի եւ իր մարմինը կ՚ամփոփուի ծննդավայրին՝ Կոթի գիւղին մէջ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2021