ՍԹՈՔՀՈԼՄԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՉՈՒՆԵՑԱՒ ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ԵՒ ՃԷՅՀՈՒՆ ՊԱՅՐԱՄՈՎԻ ՄԻՋԵՒ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ Սթոքհոլմի մէջ նախատեսուած տեսակցութիւնը տեղի չունեցաւ։ Ինչպէս ծանօթ է, երկու նախարարները վերջին օրերուն Շուէտի մայրաքաղաքին մէջ մասնակցեցան՝ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին։ Կազմակերպութեան 28-րդ նախարարական համաժողովի ծիրէն ներս թէեւ շատ հաւանական կը նկատուէր Միրզոյեանի եւ Պայրամովի տեսակցութիւնը, սակայն, երկու նախարարները այդպէս ալ չմէկտեղուեցան։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները այս կապակցութեամբ որեւէ պատճառաբանութիւն չեն նշած։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ ամփոփ յայտարարութիւնով մը՝ հաստատելով, որ Սթոքհոլմի մէջ տեղի չէ ունեցած Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպումը։ «Հայկական կողմը երբեք չէ խուսափած ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան ներքեւ, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի շրջանակին մէջ հանդիպումներէն», ըսելով բաւարարուեցաւ բանբերը։

Միւս կողմէ, Արարատ Միրզոյեան, որ Սթոքհոլմի մէջ բազում երկկողմանի հանդիպումներ ալ ունեցաւ, իր շփումներուն ծիրէն ներս տեսակցեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ Էնտրու Շեֆըրի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Խովաեւի (Ռուսաստան) եւ Պորիս Ռոքֆոյի (Ֆրանսա) հետ։ Ներկայ էր նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին ընդգծուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս ու լիազօրութեան ներքեւ խաղաղ կարգաւորման գործընթացի լիարժէք ծաւալման կարեւորութիւնը։

Արարատ Միրզոյեան անընդունելի համարեց Պաքուի ղեկավարութեան շարունակական ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը եւ ակրեսիւ գործողութիւնները։ Այս համատեսքին մէջ ան կարեւորեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ տարածաշրջանէ ներս լարուածութեան նուազեցման ուղղութեամբ յստակ քայլերու ձեռնարկուիլը։ Նախարարը անհրաժեշտ համարեց նաեւ մարդասիրական խնդիրներու անյապաղ լուծումը՝ մասնաւորապէս ռազմագերիներու եւ այլ պատանդներու շուտափոյթ վերադարձուիլը, բռնի անհետացման դէպքերու բացայայտուիլը, Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանումը եւ միջազգային կազմակերպութիւններու՝ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս գործունէութեան համար հնարաւորութիւններու ստեղծուիլը։

Հայկական կողմը Սթոքհոլմի հանդիպման ընթացքին հերթական անգամ վերահաստատեց իր հաւատարմութիւնը՝ շարունակելու համար աշխատանքները ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան շրջանակներէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի տեւական ու համապարփակ լուծման ուղղութեամբ՝ կողմերուն յայտնի սկզբունքներու եւ տարրերու հիման վրայ։

Միւս կողմէ, երէկ, հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ։ Կը հաղորդուի, որ հեռախօսազրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի թեւակոխած այժմու փուլը։ Էրտողանի խնդրանքին ընդառաջ՝ Վլատիմիր Փութին ներկայացուցած է իր նախաձեռնութեամբ, միջնորդութեամբ ու տանտիրութեամբ Սոչիի մէջ անցեալ շաբաթավերջին՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ կազմակերպուած գագաթաժողովի արդիւնքները։ Երկու նախագահները շօշափած են նաեւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները։ Անոնց ուշադրութեան առարկայ դարձած են նաեւ Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Ուքրայնայի իրադարձութիւնները։

Ըստ Քրեմլինի աղբիւրներուն կողմէ հրապարակ-ւած հաղորդագրութեան, կարեւորուած է, որ բանակցութիւններու ընթացքին հաստատուած է Պաքուի եւ Երեւանի պատրաստակամութիւնը՝ համագործակցելու ուղղութեամբ տարածաշրջանէ ներս կայունութեան ապահովման համատեսքին մէջ, ինչպէս նաեւ երկու պետութիւններու միջեւ սահմանազատման ու սահմանագծման դրութիւններու ստեղծման համար։ Բաց աստի, կողմերը տրամադրուած են առեւտրատնտեսական ու փոխադրական կապերու վերականգնման գործնական հարցերու լուծման։ Իր կարգին, Էրտողան ընդգծած է Ռուսաստանի միջնորդական դերակատարութեան կարեւորութիւնը։ Ան հանդէս եկած է ի նպաստ ջանքերու ապագայ համակարգման՝ ներառեալ հրադադարի վերահսկման Թուրքիա-Ռուսաստան կեդրոնի հնարաւորութիւններու օգտագործումով։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2021