ՄՏԱՀՈԳԻՉ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր «The Huffington Post» հեղինակաւոր թերթին մէջ գրի առաւ յօդուած մը, որուն մէջ մտահոգութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս առկայ զինեալ բախումներուն կապակցութեամբ։ «Ինչո՞ւ ԵԱՀԿ-ը անփոխարինելի է Եւրոպայի անվտանգութեան համար» խորագրեալ այս յօդուածին մէջ գերմանացի նախարարը նշեց, որ Մերձտնեսդրի եւ Լեռնային Ղարաբաղի նման սառեցեալ հակամարտութիւնները կը շարունակեն մեծ դժուարութիւններ յարուցել այդ շրջաններու բնակիչներուն համար։
«Մենք կը փափաքինք կայունացնել հրադադարի դրութիւնը, կառուցել վստահութիւն, առնել փոքր բայց իսկական քայլեր մարդոց առօրեան բարելաւելու նպատակով. օրինակ՝ մեծցնել տնտեսական շրջանառութիւնը։ Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, շփման գծին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին զինուած բախումները մտահոգութեան լուրջ առիթ դարձած են։ Գերմանիա հանդէս կու գայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս բանակցային գործընթացի աշխուժացման ի նպաստ։ Կարեւորագոյն քայլ մը պիտի ըլլայ՝ հրադադարի խախտման դէպքերը հետաքննելու ուղղեալ դրութեան մը ստեղծումը», նշեց Շթայնմայէր, որու համոզմամբ այժմ աշխարհ կ՚առերեսուի Պաղ պատերազմէն վերջ Եւրոպայի անվտանգութեան ու խաղաղութեան սպառնացող մեծագոյն վտանգին հետ։