ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Վատիկան։ Երէկ երեկոյեան, Վատիկան ուղեւորուելէ առաջ, Իսթանպուլի «Աթաթիւրք» օդակայանի պետական հիւրերու տան մէջ Էրտողան զրոյց մը ունեցաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս առթիւ ան լրագրողներու հարցումներուն պատասխանեց՝ օրակարգի այժմէական նիւթերուն շուրջ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան յայտնեց, որ դէպի Վատիկան ներկայ այցելութիւնը կը համարէ կարեւոր հնարաւորութիւն մը՝ մարդկային արժէքներու վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու, բարեկամութեան եւ խաղաղութեան պատգամներ փոխանցելու տեսանկիւնէն։

Պատասխանելով հարցումի մը՝ Էրտողան խօսեցաւ Երուսաղէմի կարգավիճակի հարցին շուրջ։ Ան յիշեցուց, որ Թուրքիա ներկայիս շրջանային նախագահն է Իսլամական համագործակցութեան  կազմակերպութեան, որ կը համախմբէ 1 միլիառ 700 միլիոն մահմետական։ Ֆրանսիսքոս Պապն ալ կաթողիկէ աշխարհի գլուխը գտնուող անձն է։ «Այս երկու կարեւոր պլոքները այս պահուն տարածքաշրջանէ ներս գրեթէ բնորոշիչ տարրի մը վիճակին մէջ են։ Արդարեւ, Երուսաղէմի պարագային առնուած քայլին համար անկարելի է մէկ կողմ թողուլ թէ՛ Ֆրանսիսքոս Պապին, թէ՛ մեր բոլորին եւ թէ մեզմէ դուրս երկիրներուն կողմէ բերուած նպաստը, ներառեալ այն երկիրները, որոնք ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի քուէարկութեան ժամանակ բերած են իրենց նպաստը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները միայն ու միայն Իսրայէլը գտած է իր կողքին ու մնացած է առանձին», ըսաւ Էրտողան։ Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին նախագահը ընդգծեց, որ Ուաշինկթընի ներկայ մօտեցումը արդէն բոլորովին ճիշդ չէ եւ կատարուած իրողութիւն մը ստեղծելու հասկացութեան հետամուտ է։ «Ցայսօր իշխանութեան գլուխ եկած վարչախումբերու շարքին Պարոն Թրամփի նման մտածողներ շատ եղան, սակայն անոնք այս քայլը չառին, այսպիսի քայլի մը չմօտեցան։ Որովհետեւ գիտէին, թէ աշխարհէն ինչպիսի հակազդեցութիւն մը պիտի ունենան։ Այդ հակազդեցութեան տեղեակ ըլլալով՝ այդ քայլը չառին։ Պարոն Թրամփ դըժ-բախտաբար այսպիսի քայլ մը առնելով շատ սխալ եւ ինքզինքը աշխարհի մէջ առանձնութեան տանելիք քայլ մը առաւ։ Ամէն ինչ ուժով չ՚ըլլար։ Դուք կրնաք տնտեսական ուժ ունենալ, կրնաք ռազմական ուժ ունենալ, կրնաք ամէն ինչ ունենալ, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ քաղաքական ուժը շատ կարեւոր է։ Արդարեւ, այդ պատասխանն ալ քաղաքական ուժի վերահաստատումը եղած է», շարունակեց Էրտողան։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Էրտողան ընդգծեց, որ փոխադարձ այցելութիւն մը կը կատարէ Վատիկան։ Այսպէս, Ֆրանսիսքոս Պապը 28-30 Նոյեմբեր 2014 թուականին այցելած էր Թուրքիա՝ շփումներ ունենալով Անգարայի եւ Իսթանպուլի մէջ։ Ան այցելած էր պատմական եւ նուիրական վայրերը։ «Այդ այցելութիւնը արդիւնաւէտ հանդիսացած էր՝ օրակարգի նիւթերու շուրջ կարծիքի փոխանակումներ կատարելու եւ թէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն առումով։ Այժմ մենք ալ փոխադարձ այցելութիւն մը կու տանք իրենց։ Ես այս այցելութիւնը կը նկատեմ կարեւոր հնարաւորութիւն մը՝ մարդկային հասարակաց արժէքներու վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու, բարեկամութեան ու խաղաղութեան պատգամներ փոխանցելու տեսակէտէ», ըսաւ Էրտողան եւ յիշեցուց, որ հանրապետութեան նախկին նախագահներէն Ճելալ Պայար 1959 թուականին այցելութիւն մը տուած էր Վատիկան եւ այդ այցելութենէն ի վեր առաջին անգամ Թուրքիայէն հանրապետութեան նախագահ մը ներկայիս կ՚այցելէ Վատիկան։

Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Էրտողան յիշեցուց, որ Ֆրանսիսքոս Պապը 2013 թուականէն ի վեր կաթողիկէ աշխարհի հոգեւոր առաջնորդի պաշտօնը կը վարէ եւ շատ աշխոյժ դերակատարութիւն մը ստանձնած է։ Աշխարհի զանազան շրջաններէն ներս առկայ խնդիրներուն շուրջ իր բոլոր նախաձեռնութիւններով արժանացած է միջազգային ընտանիքի գնահատանքին։ Նախագահը շարունակեց. «Մենք ալ մասնաւորապէս գոհունակութեամբ ընկալեցինք Երուսաղէմի վերաբերեալ իր դիրքորոշումը։ Այս գործընթացին մէջ իրեն հետ քանի մը անգամ հեռախօսազրոյց ունեցայ։ Իր դրական մօտեցումները կարեւոր էին այն առումով, որ մենք քննարկեցինք, թէ հասարակաց ինչեր կրնանք ընել քրիստոնեայ աշխարհին հետ։ Իրեն հետ ունենալիք մեր յառաջիկայ հանդիպումներուն ժամանակ եւս պիտի շօշափենք Պաղեստինի, Երուսաղէմի, Սուրիոյ, Իրաքի, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, գաղթականաց խնդիրներու, մարդկային օժանդակութիւններու նման նիւթեր։ Բաց աստի, արեւմտեան աշխարհէ ներս վերելք կ՚արձանագրէ իսլամի դէմ թշնամութիւնը եւ մշակութային ցեղապաշտութիւնը, որոնց դէմ պայքարի նիւթերուն շուրջ պիտի ունենանք կարծիքի փոխանակումներ»։

ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկուան մամլոյ ասուլիսին  ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններուն, որոնք Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ յառաջ կը տարուին Սուրիոյ հիւսիսին։ Էրտողան տեղեկացուց, որ ըստ վերջին տուեալներուն 935 ահաբեկիչ չէզոքացուած է։ Իր խօսքերով, մինչ այդ բանակն ալ կու տայ նահատակներ։ Նկատի ունենալով, որ ահաբեկիչները հրասայլ մը թիրախ դարձնելով նահատակած են 5 զինուորներ՝ լրագրող մը ուղղեց հարցում մը այս կապակցութեամբ։ Էրտողան նշեց, որ ինք կապի մէջ գտնուած է նաեւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքարի հետ։ Թէ ո՞ր երկրին մէջ արտադրուած է այդ հրասայլը թիրախ ընտրած զէնքը՝ առայժմ յայտնի չէ։ Նախագահը տեղեկացուց, որ երբ պարզուին մանրամասնութիւնները՝ այդ բոլորը պիտի բաժ-նըւին համայն աշխարհի հանրային կարծիքին հետ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 5, 2018