ԳՈՀԱՐ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆԻ 95-ԱՄԵԱԿԸ

Գոհար Գասպարեանի 95-ամեակը նշանաւորուեցաւ երգչուհիին նուիրուած համերգային ծրագրով մը։ Այսպէս, հայկական օփերայի արուեստի մեծագոյն վարպետ, ԽՍՀՄ-ի ժողովրդական արուեստագիտուհի Գոհար Գասպարեանի 95-ամեայ յոբելեանի կապակցութեամբ Երեւանի Պետական քամերային երգչախումբի մենակատարները կատարեցին Փուչինիի, Չայքովսկիի, Կոմիտասի, Բարսեղ Կանաչեանի, Արմէն Տիգրանեանի, Վայնէրի եւ այլ յօրինողներու գործեր:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ համերգային երեկոն տեղի ունեցաւ «Կոմիտաս» քամերային երաժշտութեան տան մէջ:

«Գոհար Գասպարեանը բացառիկ էր: Ան իրապէս արժանի է այն բոլոր գովեստներուն, որոնք ըսուած են իրեն համար: Ես բախտն ունեցած եմ ապրիլ այն ժամանակներուն, երբ Գասպարեան կենդանի էր, նոյնիսկ եղած եմ անոր հարեւանը։ Անոր հետ կապուած ունիմ լաւ յիշատակներ», նշեց երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Յարութիւն Թոփիկեան:

Անոր խօսքով՝ մենակատարներէն  իւրաքանչիւրը մեծ պատասխանատուութեամբ իր կատարումը կը նուիրէ Աստուծոյ կողմէ մեծ շնորհով օժտուած երգչուհիին:

Թոփիկեան յիշեցուց, որ այս տարի նաեւ Արաքս Դաւիթեանի յոբելեանն է: «Պիտի տօնենք նաեւ անոր ծննդեան օրը», շեշտեց ան:

Որպէս մենակատարներ հանդէս եկան սոփրանոներ Թամարա Մոսինեան, Մաքրուհի Խաչատրեան, Հռիփսիմէ Սուքիասեան, Ճեննի Նազարեան, թենորներ Մերկելոս Ամիրխանեան, Տիգրան Յակոբեան, Գագիկ Յարութիւնեան, Արթուր Պօղոսեան, պարիթոն Անդրանիկ Մալխասեան եւ դաշնակահար Տիգրան Մեսրոպեան:

Երգչուհի Գոհար Գասպարեանը անուանած են «հայկական սոխակ»: Ան եղած է քոլորաթուրա սոփրանօ, ունեցած է ձայնային լայն ելեւէջներ,  հրաշալի թեքնիկ: Անոր ձայնը առանձնացած է ճկունութեամբ, երանգներու ճոխութեամբ, անցումներու թեթեւութեամբ: Անոր յատուկ եղած է կատարուող ստեղծագործութիւններու գաղափարական-գեղարուեստական բովանդակութեան խոր դրսեւորումն ու համոզիչ իմաստաւորումը: Հանդէս եկած է բազում օփերաներու մէջ: Գոհար Գասպարեանի բազմաթիւ աշակերտներ դարձած են համաշխարհային լաւագոյն բեմերու մեներգիչներ: Երգչուհին 1953 թուականին արժանացած է Հայաստանի, 1956-ին՝ ԽՍՀՄ-ի ժողովրդական արուեստագէտի կոչման, 1996 թուականին ան արժանացած է  Հայաստանի Հանրապետութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանի:

Երեքշաբթի, Փետրուար 5, 2019