ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԱՄԱՏԵՂ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Երեւանն ու Իլ տը Ֆրանսը հանդէս կու գան մշակութային համատեղ նախաձեռնութիւններով։ Այսպէս, Երեւանն ու Իլ տը Ֆրանսը կ՚ընդլայնեն միջմշակութային կապերը ու կը մշակեն համագործակցութեան նոր ծրագրեր: Այս եւ այլ շարք մը հարցեր քննարկած են Երեւանի քաղաքապետարանի մշակոյթի վարչութեան պետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Գօշ Սարգսեանն ու Իլ տը Ֆրանսի շըր-ջանային խորհուրդի Կովկասի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ համագործակցութեան հարցերով պատասխանատու Սամիա Կերաիան: Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանութեան մշակութային հարցերով կցորդ Նաթալիա Ձակրիս: Այս մասին «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցին Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Երաժշտութենէն մինչեւ կերպարուեստ եւ շարժարուեստ: Ֆրանսական կողմը պատրաստ է աջակցիլ ստեղծագործական ուղին նոր կերտող հայ արուեստագէտներու բացայայտման եւ հնարաւորութիւն ընձեռել անոնց՝ առաջին քայլը կատարելու Փարիզի մէջ: Նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները կը յստակեցուին ծրագրի մշակումէն յետոյ:

Անմիջական զրոյցի ընթացքին կողմերը պայմանաւորուած են նաեւ մշակութային համատեղ նոր նախաձեռնութիւններու իրականացման մասին:

Կարեւորելով Երեւանի եւ Իլ տը Ֆրանսի միջեւ մշակութային համագործակցութեան խթանումը՝ Գօշ Սարգսեան խօսած է նաեւ համատեղ ծրագրերու մէջ Երեւանի երաժշտական եւ արուեստի դպրոցները ներգրաւելու մասին:

Երեքշաբթի, Փետրուար 5, 2019