«ՋՐԱՅԻՆ ՇՈՈՒ»
«Ջրային շոու» Երեւանի մէջ. առաջին անգամ Հայաստանի մէջ ելոյթ կ'ունենայ «Waterland»։
Ռուսական «Waterland» կրկեսային թատերախումբը առաջին անգամ ներկայացումներով հանդէս կու գայ Երեւանի մէջ: Ելոյթները նախատեսուած են մարտի 6,7,8 թուականներուն, «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ:
«Waterland» շոուին ելոյթ կ՚ունենան սինքրոն լողի միջազգային կարգի մարզաձեւի վարպետներ, որոնց ներկայացուցած իւրաքանչիւր խաղ ուշադրութիւն կը գրաւէ եւ կը տեղափոխէ ներկաները հեքիաթային աշխարհ:
Ջրային կրկեսին մէջ արուեստի մի քանի ճիւղի համադրում կայ՝ ձեւագէտներու գեղեցիկ հագուստներ, յատուկ լուսաձայնային էֆեքթներ, գեղարուեստական լուծումներ, կրակոտ երաժշտութիւն. այստեղ ամէն ինչ ի գործ կը դրուի հանդիսատեսի բարձր տրամադրութեան համար: Այսպիսի շոու-ծրագիրը հետաքրքրական է ինչպէս երեխաներու, այնպէս ալ՝ չափահասներու համար: Ներկաները կրնան ծանօթանալ անփոյթ արջուկ-նաւաստիի, ուրախ կապիկներու եւ հմայիչ փոկի հետ: Հանդիսատեսը ականատես կ՚ըլլայ նաեւ կախարդական «Waterland» կղզիի մէջ հրաշքի արարման: Ջրային թագաւորութեան բնակիչները (արուեստագէտները), որոնք կը տիրապետեն ոչ միայն ջուրի տարերքին, այլ նաեւ կրակի, անկասկած, հանդիսատեսի սիրտերը իրենց հնարքներով կը գրաւեն:
Ջրային հրավառութիւնը ապահովուած է գերժամանակակից թեքնիկի միջոցով, կը կազմուին 34 մեթրնոց շատրուաններ, 170 թոն ջուրով լողաւազան:
Երեկոյի գեղեցիկ մասնիկը կ՚ըլլայ նաեւ АКВА-պալէի համարները եւ լազերային շոուը: