ԱՂՏԱՄԻ ՀԱՄԱՏԵՂ ԿԵԴՐՈՆԷՆ ԱՐՑԱԽԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ ԿԸ ԴԻՏԱՐԿՈՒԻ ԱՆՕԴԱՉՈՒ ԹՌՉՈՂ ՍԱՐՔԵՐՈՒ ՄԻՋՈՑԱՒ

Աղտամի մէջ տեղակայուած Թուրքիա-Ռուսաստան համատեղ զինուորական կեդրոնը արդէն սկսած է Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի ընթացքը դիտարկել։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, զինուորականները այնտեղ անօդաչու թռչող սարքերով կը վերահսկեն Արցախի իրավիճակը։ Անցեալ շաբաթ պաշտօնապէս բացուած կեդրոնէն ներս կը պաշտօնավարեն 60-ական թուրք եւ ռուս զինուորներ։

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ անօդաչու թռչող սարքերու միջոցաւ անընդհատ կը հասնին տեղեկութիւններ ու դրուագներ՝ զէնքերու, զինուորներու տեղաշարժի մասին, ինչպէս նաեւ կ՚արձանագրուին շփման գիծը հատելու ուղղեալ բոլոր փաստերը։ Ըստ նոյն հաղորդումներուն, ռուս զինուորականները կ՚օգտագործեն «Ֆորփոստ» եւ «Օրլան-10» ռուսական անօդաչու թռչող սարքեր։

Համատեղ կեդրոնի զինուորականները կը հաւաքեն, կ՚ամփոփեն եւ կը ստուգեն՝ համաձայնութիւններու խախտումներու վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը, կը դիտարկեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտ կողմերուն միջեւ գոյացած պայմանաւորուածութիւններու չկատարման առընչութեամբ հարցերու վերաբերեալ ամէն տեսակ բողոք։

Այս կեդրոնը ստեղծուած է Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ վարուած բանակցութիւններու հիման վրայ։ Արցախի լայնածաւալ պատերազմէն վերջ, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրուած էր յուշագիր մը, որ հիմք ծառայած էր սոյն կեդրոնի հիմնուելուն։ Երկու մայրաքաղաքներէն երկար ժամանակ անոր առաքելութեան եւ գործունէութեան բնոյթին վերաբերեալ տարբեր երանգներով յայտարարութիւններ հնչած էին, սակայն ի վերջոյ հնարաւոր եղած է հասարակաց յայտարարի մը հասնիլ եւ սկիզբ դնել անոր գործունէութեան, ինչ որ տարածքաշրջանի նոր աշխարհաքաղաքական իրադրութեան տեսակէտէ կարեւոր խորհրդանշան մը կը համարուի։

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2021