ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յոյս յայտնեց, թէ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի առաքելութիւնը մօտաւոր ապագային կ՚այցելէ Լեռնային Ղարաբաղ։ Ան շաբաթական հերթական մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու մշակութային կոթողներու եւ եկեղեցիներու պահպանման հարցին եւ այս կապակցութեամբ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մասնագէտներու խումբի այցելութեան։ Այսպէս, Մոսկուա կ՚ակնկալէ, որ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գնահատման առաքելութիւնը մօտաւոր ապագային այցելէ Լեռնային Ղարաբաղ եւ շրջակայ տարածքներ։ «Որքան ինձ յայտնի է, այժմ բանակցութիւններ կ՚ընթանան այս այցելութիւնը կազմակերպելու ուղղութեամբ։ Մենք կը յուսանք, թէ այդ այցը տեղի կ՚ունենայ մօտաւոր ապագային եւ կը նպաստէ տարածքաշրջանէ ներս փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման», ըսաւ Զախարովա։

Հարկ է նշել, որ Արցախի վերջին պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած է հայկական շուրջ 1500 յուշարձան՝ պատմական ու մշակութային բնոյթով։

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2021