ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻՆ ՆՈՐ ՊԱՇՏՕՆ

Արցախի նախկին պաշտպանութեան նախարար Ճալալ Յարութիւնեան նշանակուեցաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական վերահսկողութեան ծառայութեան պետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ պաշտօնապէս արձագանգ հանդիսացան այս կարգադրութեան։

Լեռնային Ղարաբաղի վերջին լայնածաւալ պատերազմին ժամանակ Ճալալ Յարութիւնեան վիրաւորուած էր ու ենթարկուած գործողութեան։ Իրեն փոխարէն Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար նշանակուած էր Միքայէլ Արզումանեան։ Ճալալ Յարութիւնեան բաւական երկար դարմանում մը տեսնելէ վերջ 4 դեկտեմբեր 2020 թուականին արձակուած էր հիւանդանոցէն։ Իրեն շնորհուած է Արցախի հերոսի կոչում։ Ներկայիս ան Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս կարեւոր պաշտօնի մը կը կոչուի՝ յետպատերազմեան ծանր իրավիճակի ներքեւ, երբ երկրի օրակարգի հրամայականներու շարքին է հայկական զինեալ ուժերու վերակազմակերպումը։

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2021