ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԱԼՄԱԹԻ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր կ՚այցելէ Ալմաթի։ Ղազախիստանի տանտիրութեամբ նախատեսուած Եւրոասիոյ Միջկառավարական խորհուրդի նիստին կը մասնակցի Փաշինեան, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան կազմին մէջ կը գտնուին՝ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, արտաքին գործոց փոխ-նախարար Արմէն Ղեւոնդեան, տնտեսութեան փոխ-նախարար Վարոս Սիմոնեան, պետական եկամուտներու կոմիտէի փոխ-նախագահ Աշոտ Մուրատեան եւ այլ պաշտօնատարներ։

Ներկայիս Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան շրջանային նախագահ երկիրն է Ղազախիստան, որու տանտիրութեամբ կազմակերպուած միջկառավարական խորհուրդի նիստին մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուստին։

Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու վարչապետները, միեւնոյն ժամանակ, մասնակցութիւն կը բերեն այս ժողովին զուգահեռ կազմակերպուած «Տիճիթըլ Ալմաթի 2021» միջազգային համաժողովին։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ալմաթիի մէջ նախատեսուած են նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի շարք մը երկկողմանի հանդիպումները։

Ալմաթիի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցած է Փաշինեանի հանդիպումը Խրղըզիստանի վարչապետ Ուլուքպեկ Մարիպովի հետ։

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2021