ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՏԵԼՈՒԹԻՒՆ ՉԷ

Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան հրապարակեց հերթական զեկոյցը, որ կը ցոլացնէ, թէ 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ ինչ վիճակի մէջ է Ատրպէյճանի հայատեացութեան ու թշնամանքի քաղաքականութիւնը։ Անգլերէնով պատրաստուած զեկոյց մըն է այս մէկը, որ ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած է Արման Թաթոյեանի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ Արման Թաթոյեան իր առաքելութիւնը աւարտելու վրայ է։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ իր ծաւալած գործունէութիւնը եւ հնչեցուցած ահազանգները արժանացած են անմիջական ուշադրութեան։ Իշխանութիւններուն տեսակէտէ նաեւ որոշ չափով անհանգստացուցիչ համարուած է Արման Թաթոյեանի գործունէութիւնը, որու սահմանափակման ուղղութեամբ կարգ մը քայլեր ալ առնուած են։ Յամենայնդէպս, իր պաշտօնավարման ժամկէտի աւարտին ընդառաջ, նոյնիսկ չէ քննարկուած անոր վերընտրութեան հարցը։ Հայաստանի Ազգային ժողովը մօտաւոր անցեալին ընտրած էր մարդու իրաւանց նոր պաշտպան մը, որ գործի պիտի ձեռնարկէ շուտով։

Ուրեմն Արման Թաթոյեան պաշտօնավարման վերջին օրերուն հրապարակած զեկոյցի հիմքին առարկայական ապացոյցներ դրած է, յստակ փաստեր, որոնք հաւաքագրուած են ամենօրեայ աշխատանքով։ Զեկոյցի հիմնական հետեւութիւններու շարքին շեշտուած է, որ պատերազմէն յետոյ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն ատելութիւն ու թշնամանք քարոզելու տեղական քաղաքականութեամբ, որ կ՚ընթանայ երկու յենասիւնի շուրջ՝ էթնիք ու կրօնական։ Սա ոչ միայն ու ոչ այնքան հռետորաբանութիւն է, որքան տարիներով կենսագործուած իսկական քաղաքականութիւն մը (կրթութիւն, մարմնամարզ, մշակոյթ եւ այլն)։ Ուստի ճիշդ չէ խօսիլ միայն հռետորաբանութեան մասին։ Այս իսկ քաղաքականութիւնն է պատերազմէն առաջ, պատերազմի ընթացքին ու անկէ վերջ Հայաստանէ եւ Արցախէ ներս Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու կողմէ մարդու իրաւանց խախտումներու, պատերազմական յանցագործութիւններու եւ զանազան դաժանութիւններու բուն պատճառը։ Ատելութիւնն ու թշնամանքի քարոզչութիւնը Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն համար քաղաքականութեան աղբիւր է, սեփական ժողովուրդը ներքին խնդիրներէ շեղելու միջոց։ Այդ մէկը չէ նուազած ու պիտի չնուազի։

Կրօնական հիմքով ատելութիւնը կը ստեղծուի նոր խիստ վտանգաւոր իրադարձութիւններով՝ հայ ժողովուրդը բացարձակապէս անհիմն իսլամատեացութեամբ մեղադրելով։ Այս երեւոյթը ծնունդ կու տայ եկեղեցիներու ոչնչացման, անոնց հայկական պատկանելիութիւնը ջնջելու, ռազմագերիներու դէմ խոշտանգումներու նոր դրսեւորումներու։ Զեկոյցին մէջ պատմական փաստերով ցոյց տրուած է Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի իսկական յարգանքը իսլամի նկատմամբ։

Ատրպէյճանի ատելութեան քաղաքականութիւնը թշնամանքի մէջ կը պահէ երկու ժողովուրդները ամբողջ աշխարհի մէջ։ Ուստի, այդ մէկը վտանգաւոր է նաեւ այլ երկիրներու համար, ուր կ՚ապրին հայեր եւ ատրպէյճանցիներ։ Ատրպէյճանի խաղաղարարութեան կոչերը չունին ազնիւ մղումներ, կեղծ են եւ շղարշ՝ արտաքին աշխարհի համար։

Հուսկ, Արման Թաթոյեան այս բոլորի լոյսին տակ կը գրէ. «Խաղաղութիւնը մեզի համար բարձրագոյն արժէք է, թշնամանքը անընդունելի է, բայց կողմի մը իրաւունքներու հաշուոյն իրական խաղաղութիւն չ՚ըլլար, խաղաղութիւն չի նշանակեր ատելութիւն։ Ուստի, պէտք չէ մոռնալ այս բոլորի մասին։ Մեզի պէտք են մեր իրաւունքներու պաշտպանութեան իսկական երաշխիքներ»։

Արման Թաթոյեան երէկ մամլոյ ասուլիս մըն ալ սարքեց Երեւանի մէջ։ Ան այս առթիւ յետպատերազմեան իրավիճակին անդրադառնալով ըսաւ. «Մինչեւ հիմա ալ մեր քաղաքականութիւնը կ՚ընթանայ սխալ, մարդու իրաւանց անտեսման ուղղութեամբ։ Ի սկզբանէ սխալ եղած են այն յայտարարութիւնները, թէ անոնց տարածքն է, ոչինչ կրնանք ընել։ Այդ յայտարարութիւնները լուրջ խնդիրներ ստեղծած են։ Անոնցմով օրինականացուած են Ատրպէյճանի իշխանութիւններու անօրինականութիւնները»։  

Շաբաթ, Փետրուար 5, 2022