Կիրակի 2, Փետրուար 2025
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ուաշինկթընի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Էօզպեքիստանի, Ղազախիստանի եւ Իսրայէլի դեսպաններուն հանդիպումը։ Այս հաւաքոյթի հիւրընկալն էր Ատրպէյճանի դեսպան Խազար Իպրահիմ, որ ընդունեց նաեւ Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Մուրատ Մերճանը։
Ընկերային ցանցերու վրայ այս տեսակցութեան շուրջ շատ կարճ գրառումով մը հանդէս եկաւ Խազար Իպրահիմ, որ մեծ պատիւ համարեց Ուաշինկթընի մօտ Իսրայէլի դեսպան Մայքըլ Հերցոքը հիւրընկալելէ։ «Ատրպէյճան-Իսրայէլ բարեկամութիւնը ներդրում մըն է տարածաշրջանի խաղաղութեան, կայունութեան եւ զարգացման գործին», նշեց ան։
Շաբաթ, Փետրուար 5, 2022