ՓԵՔԻՆԻ ՄԷՋ ՁՄՐԱՆ ԽԱՂԵՐԸ ՍԿՍԱՆ

Փեքինի մէջ երէկ սկսան 24-րդ Ձմրան ողիմպիականները։ Առաջին անգամ այս խաղերուն ժամանակ արհեստական ձիւնածածկոյթ կ՚օգտագործուի։ Նկատի ունենալով արեւմտեան երկիրներու եւ Չինաստանի միջեւ առկայ ընդհանուր լարուածութիւնը՝ այս մրցաշարքի ժամանակ կարելի չէ եղած հարիւր տոկոս ստեղծել ակնկալւած մթնոլորտը։

Փեքինի Ձմրան ողիմպիականներուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստանէն պատուիրակութիւն մը, որու անդամները բացման շքերթին ժամանակ կրեցին հայկական եռագոյնը։

Ըստ միջազգային աղբիւրներուն, այսպէսով Փեքին դարձած է աշխարհի առաջին քաղաքը, որ հիւրընկալած կ՚ըլլայ թէ՛ ձմրան եւ թէ ամրան ողիմպիականները։

Փեքինի Ձմրան ողիմպիականներու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը վառ դրուագներու առիթ հանդիսացաւ։ Աւանդական տողանցքին մասնակցեցան աշխարհի 91 երկրէ Ազգային ողիմպիական կոմիտէի ներկայացուցիչներ։

Ողիմպիական խաղերու փակման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ փետրուարի 20-ին։

Փեքինի Ձմրան ողիմպիականներուն Հայաստան ունի վեց ներկայացուցիչ։ Միքայէլ Միքայէլեան, Քաթիա Գալստեան, Անկելինա Մուրատեան դահուկորդներ են, իսկ Յարութիւն Յարութիւնեան՝ լեռնադահուկորդ։ Այս վերջինը առաջին անգամ ողիմպիական խաղերու կը մասնակցի։ Ի դէպ, ան տակաւին չէ կրցած մեկնիլ Փեքին, որովհետեւ քորոնաժահրի իր քննութիւնը ունեցած է դրական արդիւնք։ Հայաստանի ներկայացուցիչները վաղուընէ սկսեալ հանդէս պիտի գան այս մեծ մրցաշարքին։ Վաղը նախատեսուած է Միքայէլ Միքայէլեանի մրցակցութեան մէջ մտնելը։ Փետրուարի 8-ին Քաթիա Գալստեան եւ փետրուարի 10-ին թէ՛ Քաթիա Գալստեան եւ թէ Անկելինա Մուրատեան դուրս կու գան պայքարի։ Միքայէլ Միքայէլեանի մրցման օրերն են փետրուարի 13-ը եւ 15-ը։

Ձմրան ողիմպիականներու Հայաստանի ներկայացուցիչներն են գեղասահորդներ Թինա Կարապետեան-Սիմոն եւ Փրուլքս Սենեկալ։ Այս պարային զոյգի ելոյթները պիտի սկսին փետրուարի 12-ին։  

Շաբաթ, Փետրուար 5, 2022