«ՀԱՅԿԵԱՆ» ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ
Երեւանի Պետական սենեկային թատրոնին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Հայկեան» մրցանակաբաշխութիւնը։ Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։
Տարեկան այս նախաձեռնութեան նպատակն է՝ խրախուսել այն բոլոր երիտասարդական կազմակերպութիւններն ու յաջողութիւններու հասած երիտասարդ անհատները, որոնք տարուան ընթացքին առանձնացած են իրենց աշխուժութեամբ կամ զանազան բնագաւառներէ ներս իրականացուցած ծրագրերու բովանդակութեամբ։ Այս ծիրին մաս կը կազմեն նաեւ ուսանողներու ձեռքբերումները։
Երեկոյթի ընթացքին Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց բոլոր դափնեկիրները, հերթական անգամ ողջունելով Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամին այս նախաձեռնութիւնը, նաեւ հետագայ նորանոր յաջողութեան մաղթանքներ յղելով երիտասարդներուն։