ԵԺԿ 1915 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԴԷՊՔԵՐԸ ՃԱՆՉՑԱՒ ՈՐՊԷՍ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ
Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւնը (ԵԺԿ) տեղեկացուց, թէ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը։
Եւրոպայի պահպանողական եւ քրիստոնեայ-դեմոկրատ քաղաքական ուժերը կ՚ընդգրկէ Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւնը, որ 1915-ին ապրուած դէպքերը ճանչցաւ որպէս ցեղասպանութիւն։ ԵԺԿ Եւրոխորհրդարանէն ներս մեծագոյն խմբակցութիւնը ունի եւ իր որոշումները քաղաքական կշիռ կը ներկայացնեն այն առումով, որ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու մօտ իշխանութեան գլուխ գտնուող բազմաթիւ կուսակցութիւններ համախմբուած են ԵԺԿ-ի հովանոցին ներքեւ։
Նախընթաց օր ԵԺԿ-ի կողմէ հաւանութեան արժանացած որոշումը խորագրուած է «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Եւրոպայի արժէքները»։ Տեղական մամուլին մօտ ալ արձագանգ գտած է այս փաստաթուղթը, որով ցեղասպանութիւնը կը ճանչցուի, կը պախարակուի եւ անոր 100-րդ տարելիցին առթիւ զոհերը կ՚ոգեկոչուին յարգանքով։ Միեւնոյն ժամանակ կոչ ուղղուած է, որպէսզի միջազգային յանձնառութիւններուն եւ Եւրոպայի վերաբերեալ հեռանկարներուն հիման վրայ՝ Թուրքիա ամբողջութեամբ բնականոնացնէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները ու եւրոպականացման հարթութեան վրայ ճանչնայ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կատարուած ցեղասպանութիւնը ու պախարակէ զայն։ Նոյն բանաձեւը կոչ մը կը պարփակէ նաեւ ուղղեալ միջազգային կազմակերպութիւններուն, մանաւանդ Եւրոմիութեան ու Եւրոխորհուրդի անդամ երկիրներուն՝ որպէսզի պատմական արդարութիւնը վերականգնուի ու զոհերը վերյիշուին։ Բանաձեւին մէջ ակնարկութիւն կատարուած է նաեւ 1915-ի դէպքերու մշակութային ու կրօնական երանգներուն։
Պրիւքսէլի մէջ ընդունուած, ինն կէտերէ բաղկացեալ այս բանաձեւը դրական վերաբերմունքի արժանացած է Հայաստանի իշխանական վերնախաւին եւ քաղաքական շրջանակներուն կողմէ։