ՎԱՐԴԱՆ ՕՍԿԱՆԵԱՆ ՈՐՈՇԵՑ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼ ԲՀԿ-ԷՆ
Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան, որ ներկայիս երեսփոխան է, որոշեց լքել «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան (ԲՀԿ) շարքերը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Վարդան Օսկանեան երէկ համապատասխան դիմումը ներկայացուցած է ԲՀԿ-ին։
ԲՀԿ-ի խորհրդարանական խմբակցութեան քարտուղարուհի Նաիրա Զօհրապեան յայտնեց, որ յառաջիկային կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը պիտի քննարկէ Օսկանեանի այս դիմումը։ «Ես գրեթէ վստահ եմ, որ կուսակցութիւնը ընթացք պիտի չտայ այս պահանջին։ Մեր ցանկութիւնն է, որ Պարոն Օսկանեան չլքէ կուսակցութեան շարքերը», ըսաւ Նաիրա Զօհրապեան։
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի վերջին փոթորկալից իրադարձութիւններէն վերջ արդէն ցնցումի շրջան մը կ՚ապրի ԲՀԿ, որու ղեկավարն է յայտնի գործարար Գագիկ Ծառուկեան։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան վերջերս Ծառուկեանի հասցէին հանդէս եկած էր բուռն քննադատութիւններով, որոնք Հայաստանի ներքին քաղաքական հաւասարակշռութիւնները փոփոխութեան ենթարկած էին էապէս։ Կուսակցութիւնը յանկարծակի փոփոխութեան ենթարկած էր իր որդեգրած ընդդիմադիր գիծը։ Երկար տարիներ իշխանութիւններուն հետ սերտօրէն համագործակցելէ վերջ, այդ նոյն իշխանութեան հետ աւելի վերջ հեռաւորութիւն պահելու ձգտում յառաջացած էր ԲՀԿ-ին մօտ։ Այս պայմաններուն ներքեւ վրայ հասած Սերժ Սարգսեանի միջամտութիւնը բառին բուն իմաստով տակն ու վրայ ըրաւ ԲՀԿ-ն։ Երեւանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ կուսակցութեան համագումարը։ Նախագահ Սարգսեանի պոռթկումին յաջորդած կարճ ժամանակաշրջանին արդէն եօթ երեսփոխան հեռացած է ԲՀԿ-ի շարքերէն։ Այսօրուան արտահերթ համագումարին ընթացքին ելոյթով մը հանդէս կու գայ Գագիկ Ծառուկեան։ ԲՀԿ-ի շրջանակները չեն բացառեր, որ ան կրնայ հրաժարիլ կուսակցապետի պաշտօնէն։ Մինչ այդ, վարկածին կապակցութեամբ քննարկումները կը շարունակուին, շրջանառութեան մէջ են նաեւ տուեալներ, ըստ որոնց եթէ Ծառուկեան որոշէ թողուլ կուսակցութեան ղեկը, ապա իրեն յաջորդի թեկնածուներու շարքին կը գտնուի Նաիրա Զօհրապեան։