ԽՏԱՑԵԱԼ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ Իս­թան­պու­լի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թուս­քի հետ։ Եըլ­տը­զի պա­լա­տի հա­մա­լի­րէն ներս, «Մա­պէյն» ա­պա­րան­քի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ զրոյ­ցը, որ տե­ւեց շուրջ ժամ մը։ Կը հա­ղոր­դուի, որ պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը զրոյ­ցի բո­վան­դա­կու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ տե­ղե­կու­թիւն­ներ չեն փո­խան­ցած։

Ծա­նօթ է, որ Տա­նըլտ Թուս­քի Թուր­քիա կա­տա­րած այս այ­ցե­լու­թիւ­նը զու­գա­դի­պե­ցաւ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թեան մը նա­խօ­րեա­կին։ Ար­դա­րեւ, Պրիւք­սէ­լի մէջ Եր­կու­շաբ­թի տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Թուր­քիա-Եւ­րո­միու­թիւն գա­գա­թա­ժո­ղո­վը։ Ե­րէկ Իս­թան­պու­լի մէջ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ հիւ­րըն­կա­լուած Տա­նըլտ Թուսք օր մը ա­ռաջ ալ Ան­գա­րա­յի մէջ տե­սակ­ցած էր Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի հետ։ Ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն քննար­կուած էր գաղ­թա­կան­նե­րուն հար­ցը։ Եր­կու­շաբ­թի Պրիւք­սէ­լի մէջ նա­խա­տե­սուած գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին եւս գաղ­թա­կան­նե­րու հար­ցը ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն պի­տի զբա­ղեց­նէ օ­րա­կար­գը։ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մը եւ գաղ­թա­կան­նե­րու խնդի­րը ներ­կայ շրջա­նին ար­դէն կը բնո­րո­շէ Թուր­քիա-ԵՄ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քը։ Բաց աս­տի, Պրիւք­սէ­լի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­դա­ռաջ, Ան­գա­րա­յի մօտ ԵՄ-ի պա­տուի­րա­կու­թեան նա­խա­գահ Հան­սեէօրկ Հա­պէր յայ­տա­րա­րեց, թէ ԵՄ-ի կող­մէ փո­խան­ցուած 3 մի­լիառ եւ­րո­յին 400 մի­լիո­նը ար­դէն յատ­կա­ցուած է՝ մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րու եւ դպրո­ցա­շի­նու­թեան ծրագ­րե­րու հա­մար։

Միւս կող­մէ, Եւ­րո­միու­թեան յա­ռա­ջա­տար եր­կիր­նե­րուն ղե­կա­վար­նե­րը՝ Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լանտ, Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ, Անգ­լիոյ Վար­չա­պետ Տէյ­վիտ Քեմ­րըն եւ Ի­տա­լիոյ Վար­չա­պետ Մա­թէօ Ռեն­ցի ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցան Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ։ Թե­լե­քոն­ֆե­րան­սի ձե­ւա­չա­փով տե­ղի ու­նե­ցաւ այս տե­սակ­ցու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին եւ­րո­պա­ցի ղե­կա­վար­նե­րը եւ Փու­թին հա­մա­կար­ծիք գտնուե­ցան Սու­րիոյ մէջ մշտա­կան հրա­դա­դա­րի մը ա­պա­հով­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Հինգ ղե­կա­վար­նե­րը անդ­րա­դար­ձան նաեւ յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան ըն­թաց­քին՝ Մար­տի 9-ին Ժը­նե­ւի մէջ նա­խա­տե­սուած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն։ Ըստ մի­ջազ­գա­յին աղ­բիւր­նե­րուն, յա­մե­նայն­դէպս, Փու­թին եւ եւ­րո­պա­ցի ղե­կա­վար­նե­րը զի­րար չեն կրցած հա­մո­զել՝ Սու­րիոյ մէջ, երկ­րի ղե­կա­վար Պե­շար Է­սա­տի կող­մէ ծրագ­րուած ընտ­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Մոս­կուա­յի եւ Եւ­րո­պա­յի մօ­տե­ցում­նե­րուն մի­ջեւ այս ա­ռու­մով կան լուրջ տար­բե­րու­թիւն­ներ։

Միւս կող­մէ, Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան ղե­կա­վար Մե­սուտ Պար­զա­նի կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի Սու­րիոյ մէջ հաս­տա­տուի դաշ­նակ­ցա­յին դրու­թիւն մը։ 

Շաբաթ, Մարտ 5, 2016