ՃԷՅՄՍ ՃԵՖՐԻ ԱՆԳԱՐԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ այս շրջանին սերտ շփումներ տեղի կ՚ունենան Սուրիոյ տագնապին շուրջ։ Անգարա-Ուաշինկթըն օրակարգին վրայ աւելցած է նաեւ «Ս-400» ռուսական հրթիռներու Թուրքիոյ կողմէ ձեռքբերման հարցը։ Թրքական կողմը ներկայիս այս երկու բարդ նիւթերու շուրջ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ կը հիւրընկալէ։ Այսպէս, Անգարա կ՚այցելեն ԱՄՆ-ի Սուրիոյ գծով յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ճեֆրի եւ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց փոխ-նախարարի տեղակալ Մեթիու Փալմըր։ Առաջին փուլին Անգարա հասաւ Մեթիու Փալմըր, որ քննարկեց «Ս-400»ներու հարցը։ Թրքական կողմը երկար ատենէ ի վեր կը նշէ, որ եթէ իր տեսակէտէ յարմար պայմաններ ստեղծուին, ապա «Ս-400»ներու առընթեր պատրաստակամ է ձեռք բերել նաեւ «Փեթրիըթ» ամերիկեան համակարգեր։

Իսկ Ճէյմս Ճեֆրիի Անգարայի շփումները տեղի կ՚ունենան այսօր։ Նախատեսուած են իր հանդիպումները Արտաքին գործոց փոխ-նախարար դեսպան Սետաթ Էօնալի եւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի հետ։ Ճէյմս Ճեֆրիի շփումներուն ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ կու գայ ամերիկեան զօրքերու Սուրիայէ դուրսբերման ծրագիրը։

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2019