ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ԵԼՈՅԹ

Դէպի Պրիւքսել աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ մասնակցեցաւ Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նիստին։ Վարչապետ Փաշինեան ժողովի ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու աւարտին պատասխանեց նաեւ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներու զանազան հարցումներուն։

Պրիւքսելի մէջ Նիկոլ Փաշինեան մասնաւորապէս ընդգծեց, որ Եւրոմիութեան հետ ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը հսկայական նշանակութիւն ունի Հայաստանի բարեփոխումներու յաջողութեան համար։ Ան մատնանշեց, որ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան օրակարգը միտուած է բարեփոխումներու իրականացման։

Պրիւքսելի ելոյթին մէջ Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ «Ինձ համար ակնյայտ է, որ խաղաղ գործընթացը կրնայ իսկական յառաջընթաց արձանագրել միայն այն պարագային, երբ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը նստի բանակցային սեղանի շուրջ, միայն եթէ լսուի եւ հաշուի առնուի Ղարաբաղի ժողովուրդի ձայնը», ըսաւ ան։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2019