ԾԻՐԱՆԻ ՓԱՌԱՏՕՆ՝ ԱՐԱՐԱՏԻ ՄԱՐԶԻՆ ՄԷՋ

Հայաստանի Արարատի մարզին մէջ 2020-ին մեծ շուքով պիտի նշուի ծիրանի փառատօնը: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Արարատի մարզպետ Գարիկ Սարգսեան:

«Ծիրանը Հայաստանի մէջ ամենէն առաջ կը հասուննայ Արմաշի եւ Սուրէնաւանի շրջանին մէջ, այդ իսկ պատճառով այս տարի կը նախատեսենք մեծ շուքով ծիրանի փառատօն կազմակերպել: Աշնան ալ պիտի նշենք բերքի տօնը», տեղեկացուցած է Արարատի մարզպետը:

Անդրադառնալով մարզի հիւրանոցներուն՝ մարզպետը շեշտած է, որ այս պահուն մարզին մէջ չկան հիւրանոցներ:

«Զբօսաշրջիկները հիմնականօրէն մեր մարզին մէջ չեն գիշերեր, որովհետեւ Երեւանին շատ մօտ կը գտնուինք: Մեր մարզին մէջ կանգառ կը կատարեն միայն Խոր Վիրապի եւ Նորավանքի մէջ», նկատել տուած է ան:

Անոր խօսքով, այստեղ հարց կայ՝ մարզի զբօսաշրջային գրաւչութիւնը յաւուր պատշաճի ներկայացնելու, ինչպէս՝ Դուին հնավայրը, Արտաշատ մայրաքաղաքը եւ այլ պատմական վայրեր:

Սարգսեան հաւաստիացուցած է, որ մարզին մէջ եղած բոլոր հարցերը յառաջիկայ տարիներուն պիտի լուծեն, որպէսզի այդ վայրերը աւելի հասանելի ըլլան զբօսաշրջիկներուն:

Հինգշաբթի, Մարտ 5, 2020