ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՈՐԴԻՆ ԿՈՉԵՑ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՀՕՐԸ ԱՆՈՒՆՈՎ
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծանուն աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան բախտաւորուեցաւ իր անդրանիկ զաւակով։ Այսպէս, Հենրիխ Մխիթարեան-Պեթի Վարդանեան ամոլը որդի մը ունեցան եւ նորածինը կոչեցին Համլէթ։ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան, որ ներկայիս հանդէս կու գայ իտալական «Ռոմա» ակումբի մարզաշապիկով, ամուսնացած էր անցեալ տարի յունիսի 17-ին։ Հենրիխ Մխիթարեանի կողակիցն է յայտնի գործարար Միքայէլ Վարդանեանի դուստրը՝ Պեթի Վարդանեան։ Հենրիխը եւ Պեթին այսօրերուն արդէն իրենց անդրանիկ որդին գրկելու ուրախութիւնը կ՚ապրին։ Մխիթարեան ընկերային ցանցերու վրայ բաժնեց իր ուրախութիւնը համակիրներուն հետ՝ հրապարակելով լուսանկար մը տիկնոջ ու նորածին որդւոյն հետ։
Յատկանշական է, որ Հենրիխ Մխիթարեան անդրանիկ զաւակը կոչած է Համլէթ։ Արդարեւ, Համլէթը Հենրիխ Մխիթարեանի հոգելոյս հօր անունն է։ Լուսահոգի Համլէթ Մխիթարեան եղած է մեծանուն ֆութպոլէօր մը, խորհրդային շրջանին Հայաստանէ դուրս մրցած առաջին մարզիկներէն մին եղած է։ Դժբախտաբար ան կեանքէն հեռացած է անժամանակ, իսկ Հենրիխ Մխիթարեան կեանքի ողջ տեւողութեան ուղեցոյց ընդունած է իր լուսահոգի հօր կերպարը։ Ի շարունակութիւն Հենրիխ Մխիթարեան նորածին որդին ալ անուանած է իր հոգելոյս հօր անունով։ Ընկերային ցանցերու վրայ ան արձանագրած է նաեւ հետեւեալը. «Չէ՞ք կարծեր, որ նոր ֆութպոլէօր մըն է»։