ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ԱՅՍՕՐ ՄՈՍԿՈՒԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կը մեկնի Մոսկուա, ուր կը հիւրընկալուի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Սուրիոյ տագնապի ծիրէն ներս, երբ Իտլիպի վերաբերեալ իրադարձութիւնները ստացած են բաւական հրատապ բնոյթ մը՝ Էրտողանի եւ Փութինի այս հանդիպումը կը կրէ չափազանց կարեւոր նշանակութիւն։ Անգարա եւ Մոսկուա Սուրիոյ տագնապի սկսած շրջանէն ի վեր սերտ համագործակցութեան մէջ կը գտնուին, սակայն վերջին շրջանին Իտլիպի իրադարձութիւնները եկած են որոշ չափով ստուեր ածել անոնց ներդաշնակութեան վրայ։ Ուստի, երկու ղեկավարները այսօր կը փորձեն դարձեալ դրական հունի մը մէջ դնել իրադարձութիւններու ընթացքը։

Նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն Մոսկուա այցելութեան ընդառաջ հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւններով։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Իպրահիմ Քալըն յայտնեց, որ Էրտողանի դէպի Ռուսաստան այցելութիւնը կը կատարուի՝ հասարակաց հասկացութիւնով մը համաձայնութեան հասնելու յոյսով։ Ըստ Քալընի, Թուրքիա կ՚առաջնորդուի թէ՛ դաշտի վրայ եւ թէ սեղանի շուրջ հզօր ըլլալու սկզբունքով։ Թուրքիա խտացեալ ձեւով պիտի շարունակէ առնել քայլեր, որոնք պիտի երաշխաւորեն իր ազգային անվտանգութեան խնդիրները։ Դէպի Մոսկուա այցելութեան ընդառաջ բանբերը ընդգծեց, որ թրքական կողմի հիմնական ակնկալութիւնն է ժամ առաջ հրադադարի մը ապահովուիլը՝ նախապէս Ռուսաստանի հետ ստորագրուած Իտլիպի պայմանաւորուածութեան ծիրին մէջ։

Միւս կողմէ, Մոսկուա այցելութեան ընդառաջ, նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախագահները զրոյցի ընթացքին անդրադարձան Իտլիպի իրադարձութիւններուն եւ գաղթականներու վերաբերեալ խնդիրներուն։

Հինգշաբթի, Մարտ 5, 2020