ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՃԱՆԱՊԱՐՀ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Յորդանան, երէկ Ապու Տապիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամ երկիրներու տեղւոյն դեսպաններուն հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Զօհրապ Մնացականեան ընդգծեց, որ Ապու Տապի կատարած այցելութիւնը ցոյց կու տայ հայկական կողմի յանձնառութիւնը՝ Ափրիկէի երկիրներու հետ յարաբերութիւններու նոր լիցք մը տալու ուղղութեամբ։ Իսկ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութիւնը կը հանդիսանայ կարծիքներու եւ արդիւնաւէտ փորձառութեան փոխանակման այն ամուր հարթակը, որ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ գործօն քայլեր ձեռնարկել վերսկսելու նպատակով աշխոյժ երկխօսութիւն այն երկիրներուն հետ, որոնք կը բաժնեն Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան արժէքները։ Զօհրապ Մնացականեան ընդգծեց նաեւ Երեւանի մտադրութիւնը՝ Ափրիկեան միութեան հետ սերտ համագործակցութեան ուղղութեամբ։

Նախարարը եւ դեսպանները կարծիքներ փոխանակեցին Երեւանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն, Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան առջեւ ծառացած խնդիրներուն եւ անոնց միասնաբար արձագանգելու ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերուն շուրջ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2019