ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վիքթորիա Մաքսոյեւայի եւ Գարիկ Աբէլեանի հեղինակած «Եւ կանգնած էր տաճարը Սեւ ծովի ափին» վաւերագրական ժապաւէնին շնորհանդէսը, որ նուիրուած է Պաթումի հայոց պատմական Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ: Ժապաւէնը նկարահանուած է «Ակորա-Ժորժիա-Վիքթորիա Մաքսոյեւա» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ եւ աջակցութեամբ Վիրահայոց թեմի եւ Պաթումի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ հովիւին:

Ժապաւէնը կը պատմէ խորհրդային տարիներուն բռնագրաւուած Վիրահայոց թեմին պատկանող բազում հայոց եկեղեցիներէն՝ Պաթումի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մասին, որ տասնեակ տարիներ զրկուելով իր առաքելութեան ծառայութենէն՝ վերածուած է պահեստի, աստղադիտարանի եւ տեսագրութիւններու վայրի:

Աւարտին Հաւլաբարի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ հովիւի օգնական Տ. Վիրապ Քհնյ. Ղազարեան բարձր գնահատեց նկարահանող խումբին աշխատանքները՝ նշելով, որ սոյն ժապաւէնը լուսարձակի տակ առաւ Պաթումի մէջ փառաւորապէս գործող Աստուծոյ տաճարի գոյութեան պատմութիւնը եւ պաթումահայութեան մեծ նուիրումը՝ իրենց հաւատքի տան պահպանութեան, նաեւ արժեւորեց աշխարհասփիւռ հայութեան ակնածանքն ու սէրը իրենց եկեղեցիներուն նկատմամբ եւ յորդորեց բոլորը՝ իրենց ուշադրութիւնը եւ նուիրուածութիւնը չնուազեցնելու տաճարներուն հանդէպ:

Ելոյթ ունեցան նաեւ կարգ մը անձնաւորութիւններ, որոնք կարեւոր նկատեցին երկու քրիստոնեայ ազգերը իրարու մօտեցնելու, աւանդոյթները եւ ազգային արժէքները պահպանելու եւ սերունդներուն փոխանցելու անհրաժեշտութիւնը:

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2019