ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

Թուր­քիոյ ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քին տե­սա­կէ­տէ ա­նակն­կալ ի­րա­դար­ձու­թիւն մը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն ե­կաւ յե­ղաշր­ջել երկ­րին օ­րա­կար­գը։ Այս­պէս, ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւ­նը ո­րո­շեց եր­թալ հա­մա­գու­մա­րի։

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի եւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ շատ կա­րե­ւոր հան­դի­պում մը։ Նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տի հա­մա­լի­րէն ներս, ժամ մը քա­ռա­սուն վայր­կեան տե­ւեց հան­դի­պու­մը։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը թէեւ ըն­թա­ցիկ ո­րա­կե­ցին այս տե­սակ­ցու­թիւ­նը, սա­կայն ա­ւար­տին ո­րե­ւէ յայ­տա­րա­րու­թիւն չկա­տա­րուե­ցաւ։ Միայն կայ­ծակ­նա­յին ա­րա­գու­թեամբ տա­րա­ծուե­ցան այն լու­րե­րը, թէ ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւ­նը պի­տի ձեռ­նար­կէ հա­մա­գու­մա­րի։

Տա­վու­տօղ­լուի գլխա­ւո­րու­թեամբ այս ա­ռա­ւօտ տե­ղի կ­­՚ու­նե­նայ կու­սակ­ցու­թեան կեդ­րո­նա­կան գոր­ծա­դիր մարմ­նին ժո­ղո­վը, ո­րու ա­ւար­տին հա­մա­գու­մա­րի գոր­ծըն­թա­ցին շուրջ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս կու գայ վար­չա­պե­տը։

Վեր­ջին օ­րե­րուն ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան կեդ­րո­նա­կան գոր­ծա­դիր մար­մի­նը կու­սակ­ցա­պե­տի կարգ մը լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րուն գծով կրճա­տում­ներ կա­տա­րե­լու ո­րո­շում ըն­դու­նած էր եւ զու­գա­հե­ռա­բար՝ հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած էին նա­խա­գա­հի եւ վար­չա­պե­տի մի­ջեւ տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ լու­րե­ր։

Հինգշաբթի, Մայիս 5, 2016