ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ եր­դի­քին տակ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ յո­բե­լե­նա­կան հան­դի­սու­թիւն մը, որ հա­մախմ­բեց երկ­րի մտա­ւո­րա­կան ու գի­տա­կան շրջա­նակ­նե­րը։ Այս­պէս, հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րով նշուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գահ Ռա­դիկ Մար­տի­րո­սեա­նի 80-ա­մեա­կը։

Ա­կա­դե­միոյ մեծ դահ­լի­ճէն ներս կազ­մա­կեր­պուած հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ. Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը եւ Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Մկրտչեան հան­դէս ե­կան շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քե­րով։ Ներ­կա­նե­րը յու­զու­մով ունկնդ­րե­ցին նաեւ օ­րուան մե­ծա­րեա­լին՝ յո­բե­լեար ա­կա­դե­մի­կոս Ռա­դիկ Մար­տի­րո­սեա­նի սրտի խօս­քուն։

Գի­տա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռըն­թեր, Մար­տի­րո­սեան եր­կար տա­րի­ներ ե­ղած է Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սուչ։ Ան կ­­՚ան­դա­մակ­ցի նաեւ Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի­ն։

Հինգշաբթի, Մայիս 5, 2016