ԱԽԱԼՔԱԼԱՔԻ ՄԷՋ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Ա­խալ­քա­լա­քի շրջա­նի Դի­լիս­կա գիւ­ղին մէջ ի­րա­կա­նա­ցուե­ցաւ ճատ­րա­կի բաց ա­ռաջ­նու­թիւն, որ նուի­րուած էր Հա­յոց ե­ղեռ­նի 102-րդ տա­րե­լի­ցին: Մրցա­շար­քը ա­ռա­ջին ան­գամ ի­րա­կա­նա­ցուե­ցաւ 2015 թուա­կա­նին, օրհ­նու­թեամբ Սամց­խէ-Ջա­ւախ­քի եւ Ծալ­կա­յի ընդ­հա­նուր ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ Տ. Բաբ­գէն Վրդ. Սալ­բիեա­նի եւ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Դի­լիս­կա­յի եւ յա­րա­կից գիւ­ղե­րու հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Տիգ­րան Քհնյ. Մխի­թա­րեա­նի:

Մրցա­շար­քը կը կրէ «Մեր միտ­քը ան­պարտ է» խո­րա­գի­րը: Մին­չեւ մրցա­շար­քին սկսի­լը տե­ղա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, հիւ­րե­րը, մար­զիչ­նե­րը, մրցա­շար­քի մաս­նա­կից­նե­րը այ­ցե­լած են Դի­լիս­կա­յի Սուրբ Սար­գիս ե­կե­ղե­ցին, ուր տեղ­ւոյն եւ յա­րա­կից գիւ­ղե­րու հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Տիգ­րան Քհնյ. Մխի­թա­րեան հան­դէս ե­կաւ բաց­ման խօս­քով մը։ Ան մաս­նա­ւո­րա­պէս նշեց. «Ե­թէ հա­րիւր տա­րի ա­ղօ­թած ենք Ե­ղեռ­նի զո­հե­րու հո­գի­նե­րու հանգս­տու­թեան հա­մար, այժմ ար­դէն կը խնդրենք ի­րենց բա­րե­խօ­սու­թիւ­նը մեր ան­ձե­րու, պե­տու­թեան եւ հա­մայն ժո­ղո­վուր­դի խա­ղա­ղու­թեան հա­մար»: Տ. Տիգ­րան Քհնյ. Մխի­թա­րեան նշեց, որ հա­յոց միտ­քը, կամքն ու ո­գին ան­պարտ են: Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց նաեւ մրցա­շար­քի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն, բա­րե­րա­րին եւ մաս­նա­կից­նե­րուն, այ­նու­հե­տեւ բո­լո­րով միա­սին ա­ղօ­թե­ցին սուրբ նա­հա­տակ­նե­րու հա­մար, որ­մէ ետք ծա­ղիկ­ներ զե­տե­ղե­ցին զո­հե­րու յի­շա­տա­կին նուի­րուած խաչ­քա­րին:

Ա­պա գիւ­ղա­պե­տա­րա­նին մէջ սկսաւ մրցա­շար­քը, որ ի­րա­կա­նա­ցուե­ցաւ Դի­լիս­կա­յի Ս. Սար­գիս ե­կե­ղեց­ւոյ, գիւ­ղա­պետ Էտ­կար Կա­րա­խա­նեա­նի, Ա­խալ­քա­լա­քի ճատ­րա­կի դպրո­ցի Դի­լիս­կա­յի մաս­նա­ճիւ­ղի պա­տաս­խա­նա­տու՝ Ռազ­միկ Գո­գո­րեա­նի ան­մի­ջա­կան ա­ջակ­ցու­թեամբ եւ ռու­սաս­տա­նաբ­նակ Փի­լոս Մա­նու­կեա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ:

Բա­ցի դափ­նե­կիր­նե­րէն մե­տայլ­նե­րով պար­գե­ւատ­րուե­ցան նաեւ չոր­րորդ տե­ղը գրա­ւած մար­զիկ­նե­րը, իսկ մնա­ցած մաս­նա­կից­նե­րը ստա­ցան պա­տուոյ գրեր եւ խրա­խու­սա­կան յու­շա­նուէր­ներ:

Ուրբաթ, Մայիս 5, 2017