ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՀՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՊԵՂՈՒՄՆԵՐ
Արցախի այցեքարտը դարձած Տիգրանակերտի մէջ այս տարի եւս կ՚ընթանան հնագիտական պեղումներ: Այս մասին Նորա Գրիգորեան տեսակցած է պեղումներու ղեկավար Համլէթ Պետրոսեանի հետ։
Այսպէս, մշակութային եւ քաղաքական մեծ նշանակութեամբ այս յուշարձանի միայն 3-4 տոկոսը բացուած է տակաւին: Քաղաքը խոստմնալից է, միջոցները՝ սահմանափակ։ «Այս տարի Տիգրանակերտի պեղումներուն համար նախատեսուած է 10 միլիոն դրամ: Այս միջոցներով կարելի պիտի ըլլայ աշխատիլ շուրջ քսանհինգ օր, որուն առնուազն եօթը պիտի տրամադրենք ընդհանուր հնագիտական մաքրման», կ՚ըսէ հնագէտ Համլէթ Պետրոսեան:
Հնագէտը կը նշէ նաեւ, որ Տիգրանակերտի պեղումները կ՚ընթանան դանդաղ քայլերով: Արցախի իշխանութիւններուն տրամադրած համեստ գումարները չեն բաւականացներ այդ հզօր քաղաքը բանալու համար: «Մինչեւ հիմա մենք չենք բացած Տիգրանակերտի ամրոցին մուտքը, միանգամայն հնարաւոր է, որ այնտեղ արձանագրութիւն ըլլան, նաեւ չենք կրնար ընդարձակ պեղումներ ընել դամբարանադաշտին վրայ: Տիգրանի դրամները շատ եզակի եղած են նոյնիսկ իր ժամանակ, եթէ մենք հարիւր դրամ գտնենք, անկէ մէկ-երկուքը Տիգրանինը ըլլալու են, բայց այդքան դրամ գտնելու համար պէտք է պեղենք առնուազն երեսուն դամբարան, որուն համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ տարեկան լրացուցիչ 20-30 միլիոն դրամ: Այսինքն՝ նպատակները հասկնալի եւ տեսանելի են, իսկ միջոցները չեն համապատասխաներ անոնց», կ՚ըսէ Համլէթ Պետրոսեան:
Արշաւախումբին ղեկավարը կը վստահեցնէ, որ այսօր չկայ աւելի դիտարժան, մաքուր եւ հասանելի յուշարձան: Հանրութեան համար հասանելի յուշարձան ըլլալուն կը նպաստեն նաեւ պարբերաբար թարմացուող դիմատետրի էջն ու կայքէջը: Նպատակը յստակ է՝ հարկաւոր է անընդհատ ներկայացնել փաստարկներ: Հնագէտը կը կարծէ, որ պետութիւնը յատուկ քաղաքականութիւն չի վարեր Տիգրանակերտի հարցով։ Մինչդեռ այս յուշարձանը անոր համար է, որպէսզի մենք ներկայացնենք աշխարհին:
«Ատրպէյճանի հետ առընչուելու ժամանակ՝ պատմական փաստերը շատ կարեւոր են: Ատրպէյճանը անընդհատ կը շեշտէ, որ այդ հողերը պատմական ատրպէյճանական հողեր են, իսկ հայերը համոզուած են, թէ անիկա հայերուն հայրենիքն է: Այսինքն, Տիգրանակերտի հետազօտութիւնը՝ մեր կամքէն անկախ՝ կը ստանայ որոշակի քաղաքական երանգ, չնայած այն բանին, որ Տիգրանակերտի խումբը հետազօտութիւնը հնարաւորինս կը փորձէ պահել ակադեմական մակարդակի վրայ», կ՚ըսէ ան:
Հնագէտը կը մեկնաբանէ, թէ Տիգրանակերտը կ՚օգնէ նաեւ Արցախի հայութեան ինքնութիւնը ամրապնդելուն։ «Այդ տարածքի գիւղերը բնակեցուած եղած են ատրպէյճանցիներով, հիմա այնտեղ հաստատուած հայ բնակիչները պատմական միջավայրին համակերպուելու, սեփական մշակութային, ծիսական կեանքը կազմակերպելու կարիք ունին, եւ այսօր Տիգրանակերտը կը կատարէ անոնց հոգեւոր, սրբազան կեդրոնի դերը», կ՚ըսէ Համլէթ Պետրոսեան:
Տիգրանակերտի հետազօտութիւնը կարծես մշակութային ժառանգութեան հանդէպ տարուող քաղաքականութեան նոր փորձ մըն է: Տիգրանակերտի տարածքին գտնուող եւ թանգարանի վերածուած ուշ միջնադարեան ամրոցը, աղբիւրներն ու նստարանները յուշարձանը այցելուներուն համար աւելի հաճելի կը դարձնեն:
«Մենք ամէն ինչ ըրած ենք, որ յուշարձանը մատչելի ըլլայ: Տիգրանակերտը ունի շատ լաւ դիրք։ Կը գտնուի անմիջապէս Ստեփանակերտ-Մարտակերտ մայրուղիին վրայ, բաւական է նստիլ այդ ճանապարհահատուածով ընթացող որեւէ փոխադրամիջոց, եւ կը յայտնուիք Տիգրանակերտի մէջ: Ողջ բնակատեղիի տարածքին կան ցուցատախտակներ, սլաքներ, բոլոր պեղուած յուշարձաններու մօտ յատուկ վահանակներ՝ եռալեզու բացատրութիւններով», կը նշէ արշաւախումբին ղեկավարը ու կը շարունակէ. «Թէեւ դեռ պեղուած է քաղաքի միայն 3-4 տոկոսը, մենք կրնանք պատկերացում կազմել տիգրանեան եւ աւելի ուշ ժամանակներու քաղաքի մասին՝ ամրոցը իր պարիսպներով, հնադարեան թաղամասեր, վաղ քրիստոնէական ընդարձակ եւ լաւ պահպանուած հրապարակ: Այս ամէնը հնարաւորութիւն կու տայ ըսելու, որ տարածքաշրջանին մէջ Տիգրանի ժամանակի աւելի դասական յուշարձան, քան Տիգրանակերտը, գոյութիւն չունի»:
Արցախի Տիգրանակերտին մէջ պեղումները սկսած են 2006 թուականին` հնագէտ Համլէթ Պետրոսեանի անձնական նախաձեռնութեամբ: 2008 թուականէն մինչեւ այսօր՝ Արցախի նախագահին որոշումով՝ Տիգրանակերտը կը պեղուի պետութեան նիւթական աջակցութեամբ։