ՀՀԿ ԵՒ ՀՅԴ ԱՐԴԷՆ ՀԱՍԱԾ ԵՆ ՇՕՇԱՓԵԼԻ ԱՐԴԻՒՆՔԻ
Ապրիլի սկիզբին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն վերջ՝ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) միջեւ արդէն աւարտած են բանակցութիւնները՝ համախոհական իշխանութիւն մը կազմելու նիւթին շուրջ։
news.am-ի հաղորդումներով, երէկ տեղի ունեցաւ ՀՀԿ-ի գործադիր մարմնի ժողովը, որու աւարտին յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ կուսակցութեան բանբերը՝ Եդուարդ Շարմազանով։ «Համախոհութեան բանակցութիւնները աւարտած են, փաստաթուղթը յառաջիկայ օրերուն պիտի հրապարակուի», յայտնեց Շարմազանով եւ աւելցուց, որ ՀՀԿ եւ ՀՅԴ համախոհութեան շուրջ համաձայնագիր մը պիտի կնքեն 2017-2022 թուականներուն համար։ Պաշտօններու հարցերը տակաւին չեն քննարկուած։
Շարմազանով իր յայտարարութիւններուն մէջ հաւանական նկատեց, որ նոր խորհրդարանէն ներս մշտական յանձնաժողովներու թիւը կրնայ նուազիլ։ Արդարեւ, անցեալ շրջանի 131 երեսփոխանի փոխարէն այս շրջանին կայ 105։ Պատգամաւորներու կրճատուած թիւին զուգահեռ կրնան ըլլալ աւելի նուազ թիւով մշտական յանձնաժողովներ, որոնց թիւը ներկայիս կը կազմէ 12։