ՓՈԽԸՄԲՌՆՄԱՆ ՅՈՒՇԱԳԻՐ

ՄԱԿ-ի ման­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի՝ ԻՒ­ՆԻ­ՍԷՖ-ի եւ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Հա­յաս­տա­նի գրա­սե­նեակ­նե­րը վեր­ջերս ստո­րագ­րե­ցին յու­շա­գիր մը։ Սոյն փաս­տա­թուղ­թին ստո­րագ­րու­թիւն դրին ԻՒ­ՆԻ­ՍԷՖ-ի Հա­յաս­տա­նի գրա­սե­նեա­կի ղե­կա­վար Թա­նիա Ռա­տո­չայ եւ ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րէն Վազ­գէն Եա­գու­պեան, որ կը գլխա­ւո­րէ կա­ռոյ­ցի Հա­յաս­տա­նի կեդ­րո­նը։ Այս յու­շագ­րի նպա­տակն է Հա­յաս­տա­նի հա­մայնք­նե­րու զար­գաց­ման ուղ­ղու­թեամբ Սփիւռ­քին ներգ­րաւ­ման խթա­նու­մը։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, սոյն ծրա­գի­րը կեան­քի պի­տի կո­չուի «Միա­սին յա­նուն Հա­յաս­տա­նի» հա­մա­ցան­ցա­յին հար­թա­կին (www.together4armenia.am) մի­ջո­ցաւ։ Նո­րա­րար այս հար­թա­կը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռէ Սփիւռ­քի հա­մա­պա­տաս­խան ո­լորտ­նե­րու փոր­ձա­գէտ­նե­րու ցան­ցի գի­տե­լիք­ներն ու հմտու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցել Հա­յաս­տա­նի հա­մայնք­նե­րուն եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։

Թա­նիա Ռա­տո­չայ նշեց, որ թէեւ այս հար­թա­կը ի սկզբա­նէ նա­խա­տե­սուած էր ե­րա­խա­նե­րու վե­րա­բե­րեալ խնդիր­նե­րը լու­ծե­լու հա­մար, սա­կայն նոյն տրա­մա­բա­նու­թիւ­նով ան ու­նէր նաեւ նե­րու­ժը այլ ո­լորտ­նե­րու ընդգրկ­ման հա­մար. օ­րի­նակ՝ մշա­կոյթ, գիւ­ղատն­տե­սու­թիւն, տե­ղե­կա­տուա­կան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­ներ ե­ւ այլն։ «Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի մի­ջեւ այս կա­պի ամ­րապն­դու­մը կա­րե­ւոր է ոչ միայն մեր ա­ջակ­ցու­թեան կա­րի­քը ու­նե­ցող, տե­ղա­կան հա­մայնք­նե­րու մէջ բնա­կող ե­րի­տա­սարդ­նե­րու եւ ըն­տա­նիք­նե­րու հա­մար, այ­լեւ՝ ա­պա­գա­յին կազ­մա­ւո­րուե­լիք ա­ւե­լի ընդգր­կուն գոր­ծըն­կե­րու­թիւն­նե­րու տե­սան­կիւ­նէն», ը­սաւ Թա­նիա Ռա­տո­չայ։

Իր կար­գին, Վազ­գէն Եա­գու­պեանն ալ ը­սաւ. «ԻՒ­ՆԻ­ՍԷՖ-ի հետ մեր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու փո­խա­նակ­ման այս կա­րե­ւոր առ­ցանց գոր­ծի­քին շուրջ՝ ՀԲԸՄ-ին հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռէ Սփիւռ­քի նե­րու­ժը գոր­ծա­ծե­լու։ Սփիւռ­քի ուղ­ղոր­դը-ւած ներգ­րա­ւու­մը ռազ­մա­վա­րա­կան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն է ՀԲԸՄ-ի հա­մար։ Սա մե­զի պի­տի նպաս­տէ դառ­նա­լու հա­մար կող­մե­րը ի­րա­րու կա­պող վստա­հե­լի հար­թակ մը՝ տե­ւա­կան լու­ծում­նե­րու մի­ջո­ցաւ ձե­ւա­ւո­րե­լու նպա­տա­կով հզօր Հա­յաս­տան»։

Ա­պա­գա­յին ԻՒ­ՆԻ­ՍԷՖ պի­տի շա­րու­նա­կէ աշ­խա­տիլ Հա­յաս­տա­նէ ներս իր ճշդած չորս թի­րա­խա­յին մար­զե­րուն՝ Լո­ռիի, Տաւու­շի, Շի­րա­կի եւ Գե­ղար­քու­նի­քի մէջ, միշտ կեդ­րո­նա­նա­լով ե­րա­խա­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ խըն-դիր­նե­րու լուծ­ման վրայ։ Իսկ ՀԲԸՄ ու­շադ­րու­թիւն պի­տի ըն­ծա­յէ ա­ւե­լի լայն ծա­ւա­լի ծրագ­րե­րու ի­րա­կա­նաց­ման նկատ­մամբ՝ նպա­տակ ու­նե­նա­լով ամ­րապն­դել տե­ղա­կան քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ար­հես­տա­վարժ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը՝ Սփիւռ­քի հա­մա­պա­տաս­խան փոր­ձա­գէտ­նե­րու եւ այլ գոր­ծըն­կեր­նե­րու հետ հա­մա­պա­տաս­խա­նեց­նե­լով եւ ձե­ւա­ւո­րե­լով քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու կա­ռա­վար­ման ուղ­ղեալ կա­յուն կրթա­կան հա­մա­կարգ մը տե­ղա­կան հա­մալ­սա­րան­նե­րու հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։

Ուրբաթ, Մայիս 5, 2017