Երեքշաբթի 24, Դեկտեմբեր 2024
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՌՕՐԵԱՆ ԿԸ ԶԱՐԹՆԻ
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, երէկուան դրութեամբ նոր փուլ մը սկիզբ առաւ Հայաստանէ ներս։ Այսպէս, կառավարութեան որոշումով համաճարակի պարտադրանքով հաստատուած սահմանափակումները յարաբերաբար թուլացան եւ սկսաւ առօրեան աստիճանաբար բնականոն հունին վերադարձնելու գործընթացը։
Այս իրավիճակին մէջ մայրաքաղաք Երեւանի սրճարաններն ալ վերաբացին իրենց դռները՝ հնազանդելով ընկերային հեռաւորութեան կանոններուն։ Սրճարաններու սպասարկութեան վերսկսումը արդէն նոր կենսունակութիւն մը բնորոշեց մայրաքաղաքի մէջ, մինչ Հայաստանի տնտեսութեան բոլոր ճիւղերը աստիճանաբար պիտի հաւաքեն իրենց բնականոն թափը։
Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2020