ՏՔԹ. ԱԼԻՆ ԽԱՉԻԿԵԱՆ ԲԱՐՁՐ ՊԱՇՏՕՆԻ ԿՈՉՈՒԱԾ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՄԷՋ

Գանատահայ համայնքէն Տքթ. Ալին Խաչիկեան վերջերս նշանակուած է ատենապետուհի՝ Canadian Association of Radiologists Resident and Fellow բաժանմունքին։ Այսպէսով Գանատայի Քէպէք նահանգէն եւ McGill համալսարանէն բժիշկ մը առաջին անգամ նշանակուած է այս բարձր պաշտօնին համար։

Տքթ. Ալին Խաչիկեան աւարտած է Մոնրէալի Արմէն-Քէպէք «Ալեք Մանուկեան» վարժարանը, որ կը գործէ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հովանաւորութեան ներքեւ։ 2006 թուականին ան եղած է դպրոցի ամենայաջող շրջանաւարտուհին։ Ալին Խաչիկեան ընդհանրապէս կը դասուի հարուստ աւանդութիւններով այդ կրթական հաստատութեան ամենայաջող սաներու շարքին։ Բարձրագոյն ուսումը նոյնպէս յաջողութեամբ շարունակելով՝ ան բժշկական վկայական ստացած է Լաւալի համալսարանէն՝ 2018 թուականին։ Տքթ. Ալին Խաչիկեան այժմ կը պաշտօնավարէ Resident McGill համալսարանէն ներս՝ Diagnos-Radiology մասնագիտութեան գծով։

Ալին Խաչիկեանի այս վերջին նուաճումը մեծ գոհունակութեամբ ընկալուած է գանատահայ շրջանակներէն ներս, մինչ «Ապագայ» շաբաթաթերթն ալ արձագանգած է անոր նշանակման։

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2020