ԱՆՎԵՐՋ ԿՌԻՒՆԵՐ
Մայրաքաղաք Երեւանի կեդրոնէն եւ Հայաստանի զանազան քաղաքներէն հասած լուրերը միշտ կը վկայեն անվերջ կռիւներու մասին։ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքը յարատեւ լարուածութեան ճիրաններուն մէջ է։ Մշտական քաոսը գրաւի տակ կը պահէ երկրի ապագան։ Իշխանութեան անհեռատեսութիւններն ու ընդդիմութեան արկածախնդրութիւնները բոլորը կը մղեն մտահոգութեան ու մարդիկ ակամայ կը հարցնեն, թէ այս ընթացքը դէպի ո՞ւր կը տանի երկիրը։
Երեւանի գլխաւոր հրապարակներուն վրայ եւ հիմնական պողոտաներուն մէջ բողոքի ցոյցերը չեն դադրիր։ Մարդիկ կը բարձրաձայնեն իրենց մտահոգութիւնները։ Ընդդիմութիւնը կը ձգտի յառաջխաղացում արձանագրել՝ հնարաւորութիւն ընձեռելով մտահոգութիւններու բարձրաձայնման, ինչ որ երբեմն պոռթկումի համեմատութեան կը հասնի։ Իշխանութիւնները անտարբեր են այդ մտահոգութիւններուն հանդէպ, կը նախընտրեն պարզապէս՝ որպէս ընդդիմադիր պիտակաւորել փողոց դուրս եկած մտահոգ քաղաքացիները։
Բեւեռացումներու եւ պառակտումներու այս համայնապատկերին վրայ շատ մտահոգիչ դրսեւորումներ նկատուեցան նաեւ երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովի երդիքին տակ։ Խորհրդարանը հերթական անգամ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն ամուլ լեզուակռիւի թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Անշուշտ, ինչպէս միշտ, առաջին քայլ յարմարցնողը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն էր։
Երեւանեան աղբիւրները այս առաւօտ ալ հաղորդեցին, որ քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումները կը շարունակուին։ Նկարահանուած բոլոր դրուագները կը ցոլացնեն բռնութեան դէպքեր՝ ոստիկանութեան միջամտութիւններով հանդերձ։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Լրագրողներու միութիւնն ալ ներկայ շաբթուայ սկիզբին հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Շաբաթավերջէն ի վեր գետի նման վարարած ընդդիմութեան բողոքի ալիքի տակաւին առաջին քայլափոխին միութիւնը ահազանգ հնչեցուց, թէ ընդդիմութեան բողոքի, անհնազանդութեան խաղաղ ցոյցերու շրջանակէն ներս իրաւապահ մարմիններու, ուժային կառոյցներու ներկայացուցիչները անհամաչափ ու բռնի ուժ կիրառելով խոչընդոտած են գործունէութիւնը այն մամլոյ սպասաւորներուն, որոնք իրադարձութիւնները կը լուսաբանէին։ Կոպտօրէն խախտուած են զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու իրաւունքները։