ԵՐԵՒԱՆ-ԹԻՖԼԻԶ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Երեւանի եւ Թիֆլիզի միջեւ վերջին օրերուն կը փոխանակուին իրերայաջորդ բարձրաստիճան այցելութիւններ։ Հայաստան-Վրաստան համագործակցութիւնը այս շրջանին նոր թափ ստացած է՝ մինչ տարածաշրջանէ ներս նոր իրադրութիւն մը ստեղծուած է։ Անցեալ շաբաթավերջէն ի վեր երկու երկիրներէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ փոխադարձ այցելութիւններ կու տան՝ քննարկելով զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան հեռանկարները։ Շաբաթավերջին Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Իլիա Տարչիաշվիլի այցելեց Երեւան, ուր հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ ընդունեց հիւր նախարարը։ Աւելի վերջ իրերայաջորդ ձեւով Թիֆլիզ այցելեցին Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան, Արդարադատութեան նախարար Կարէն Անդրէասեան եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան։ Հայ բարձրաստիճան պաշտօնատարներն ալ Թիֆլիզի մէջ իրենց վրացի պաշտօնակիցներուն կողմէ հիւրընկալուելու առընթեր ընդունուեցան Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի կողմէ։
Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ Տարչիաշվիլին հիւրընկալելու ժամանակ յայտնեց, որ ներկայիս տարածաշրջանէ ներս իրավիճակը բաւական լարուած է եւ Հայաստան-Վրաստան ամուր գործընկերութիւնը կարեւոր գործօն մըն է Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան ու կայունութեան համար։ Արարատ Միրզոյեանն ալ Իլիա Տարչիաշվիլիի հետ սարքած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ յայտարարեց, որ Հայաստան մեծապէս կը կարեւորէ տարածաշրջանի ընդհանուր զարգացման եւ առողջացման ուղղեալ համատեղ ջանքերու գործադրումը։ Ան այս ուղղութեամբ հերթական դրսեւորում համարեց Պարսից ծոց-Սեւ ծով միջազգային փոխադրութեան ու տարանցիկ միջանցքի ստեղծման ուղղեալ Երեւան-Թիֆլիզ համագործակցութիւնը։ Ասուլիսի ընթացքին նախարարը տեղեկացուց, որ բանակցութիւններու ժամանակ շօշափուած են յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու վերաբերեալ իրադարձութիւնները։
Իր կարգին, Իլիա Տարչիաշվիլին ալ Երեւանի մէջ ըսաւ. «Արագ փոփոխուող աշխարհաքաղաքական միջավայրին մէջ կարեւոր է ամրապնդել բարիդրացիական յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ»։
Արմէն Գրիգորեանն ալ Թիֆլիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վրաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար ու Ներքին գործոց նախարար Վախթանկ Կոմելաուրիի հետ։ Ան ընդունուեցաւ նաեւ վարչապետ Ղարիպաշվիլիի կողմէ։ Գրիգորեան իր պաշտօնակցի նկատառման յանձնեց Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի իրադարձութիւնները։ Կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային անվտանգութեան իրավիճակին շուրջ։ Քննարկուեցան տնտեսական ու մարդասիրական հարցերու շուրջ Վրաստանի միջնորդութեան հեռանկարները։ Բանակցութիւններու ընթացքին մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձան Ուքրայնայի շուրջ ստեղծուած իրավիճակն ու անոր ազդեցութիւնը Հարաւային Կովկասի վրայ։
Երէկ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանն ալ դէպի Թիֆլիզ պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս հիւրընկալուեցաւ իր վրացի պաշտօնակցին՝ Ճուանշէր Պուրչուլածէի կողմէ։ Վարչապետ Ղարիպաշվիլին ալ տեսակցեցաւ Պապիկեանի հետ։ Բանակցութիւններուն զուգահեռ՝ Հայաստանի եւ Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրուեցաւ 2022 թուականի ռազմական համագործակցութեան ծրագիրը։